ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի ներկայութեան ընդունեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պետական նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կարգավիճակին մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող Թաթոյեանի ներդրումը, ինչպէս նաեւ հայկական զոյգ պետութիւններու մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութիւններու հետեւողական համագործակցութեան դերը՝ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:
«Յատկանշական է, որ ձեր պաշտօնավարման ժամկէտն աւարտում էք արցախեան այցով` ամփոփելով կատարած աշխատանքը նաեւ արցախցիների իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Ուզում եմ արժեւորել ձեր իրականացրած արհեստավարժ եւ սրտացաւ աշխատանքը յատկապէս պատերազմի եւ դրան յաջորդած ժամանակահատուածներում: Իսկ վերջին շրջանում մեր համատեղ աշխատանքը նպատակաուղղուած է առաջնահերթօրէն պատերազմի հետեւանքով բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցների խնդիրների բարձրաձայնմանն ու իրաւունքների պաշտպանութեանը», յայտնեց Բեգլարեան:
Թաթոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան համար, այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով ատրպէյճանական վայրագութիւններէն Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
«Արցախի մեր հայրենակիցների իրաւունքների պաշտպանութիւնը բոլորիս առաջնահերթութիւններից է: Կարեւորում եմ ձեր իրաւապաշտպան գործունէութիւնն ու էութիւնը, եւ, որպէս պետական նախարար, ձեր աշխատանքը ծաւալում էք իրաւապաշտպան սկզբունքներով` մարդուն առաւելագոյնս օգտակար լինելու մղումով: Մեր համատեղ աշխատանքն ակներեւ է միջազգային ասպարէզում: Արցախի պաշտպանի հաստատութիւնը պատերազմի ժամանակ ու յետպատերազմեան ընթացքում ցոյց տուեց իր կայացուածութիւնն ու բարձր մշակոյթը, որի ապացոյցը ժողովրդի ու միջազգային հեղինակաւոր կառոյցների վստահութիւնն է», յայտնեց Թաթոյեան:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան հետ համագործակցութեան համար, Թաթոյեան պատուոյ գիր յանձնեց Բեգլարեանին, որ իր կարգին Թաթոյեանին յանձնեց գերատեսչական յուշաշքանշան:
Թաթոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին հետ, որ բարձր գնահատեց պաշտպանին կողմէ կատարուող վերլուծութիւններն ու յայտարարութիւնները, զեկոյցներն ու հրապարակումները: ԱԺ նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Թաթոյեանին առանձնապէս փաստահաւաք գործունէութեան եւ միջազգային հարթակներու վրայ Արցախն ու Արցախի խնդիրները յաւուր պատշաճի ներկայացնելուն համար: