
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանի մայր սրահին մէջ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը փառաշուք ձեռնարկով մը եւ ընտրանի հրաւիրեալներու յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, իր սէրը, յարգանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ առաջին գլխաւոր հիւպատոսը հանդիսացող, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի Լոս Անճելըսի մէջ երկրորդ ծառայութեան շրջանը աւարտած ըլլալուն առիթով։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գաղութիս մէջ գործող Համահայկական խորհուրդի (Pan Armenian Counsel) կողմէ։
Ի պատիւ այդ մարմնին, միայն քանի մը օրուայ աշխատանքով կարելի եղաւ նման անմոռանալի ձեռնարկ մը կազմակերպել արժանի անձնաւորութեան մը համար, յանձինս՝ դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին։

Ձեռնարկը իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէին գաղութիս բոլոր հոգեւոր առաջնորդները եւ Արցախի նախկին առաջնորդը, ինչպէս նաեւ հասարակական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութեան ղեկավարները։
Ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Քեւըն Տէ Լէոն եւ Մարիա Էլենա Տուրազոյի ներկայացուցիչը։ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդի ժողովի օր ըլլալուն համար, անոր կողմէ գնահատագիր մը ղրկուած էր մեծարեալին։ Նաեւ, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս ներկայ էր եւ հռչակագիր մը յանձնեց Բայբուրդեանին, ։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ազգային հասարակական բեղուն գործիչ, մեծանուն փաստաբան Կարօ Ղազարեան, որ բարի գալուստի եւ ողջոյնի ջերմ ելոյթէն ետք, տուաւ մեծարեալին հարուստ եւ հիանալի կենսագրութիւնը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ մեր գլխաւոր հիւպատոսը ունի երկու դոկտորական կոչում, ՄԱԿէն ներս երկար տարիներու ծառայութեան փորձ եւ դասախօս եղած է ամերիկեան եւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս։ Ապա հանդիսավարը ջերմ խօսքով հրաւիրեց ձեռնարկը կազմակերպող մարմնի ատենապետուհի, ծանօթ ազգային գործիչ Լենա Պօզոյեանը, իր եւ իր յանձնախումբի անունով յաւուր պատշաճի խօսքը ըսելու համար։
Հանդիսավարը յաջորդաբար հրաւիրեց Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը, Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը եւ Կլենտէյլի ոստիկանապետը, խօսք առնելու համար։
Բոլոր խօսողները իրենց սքանչելի ելոյթներով վեր առին դոկտ. Բայբուրդեանի պետական գործիչի արժանիքները, մարդկային նկարագիրի գնահատելի գիծերը, աշխատասիրութիւնը Լոս Անճելըսի բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց հետ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւններու մշակումը։
Բայբուրդեան ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլ Քալիֆորնիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պետական բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունէր, մեծապէս նպաստելով հայ ամերիկեան կապերուն։
Արդարեւ, Բայբուրդեանի հայութեան երեք ու կէս տարիներու ծառայութեան ընթացքին, Հայաստանի հիւպատոսարանի բաժնի խորագոյն իմաստով «տունն էր հայուն», հոն արուեստագէտները, գործատէր մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանի մէջ ներդրում ընել, գրողներ եւ մտաւորականներ կը տեսնէին իրենց բարեկամը եւ խորհրդատուն։ Բայբուրդեան միշտ մօտ եղած է գաղութի ծանօթ հասարակական գործիչներուն, ուրախ կամ տխուր առիթներով, շնորհաւորական կամ մխիթարական իր խօսքերով։
Բոլոր խօսողները վկայեցին եւ հաստատեցին, թէ Բայբուրդեանի մօտ աննկարագրելիօրէն ամուր է եւ վարակիչ իր սէրը հայրենիքի եւ իր ազգին հանդէպ, իսկ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան յայտարարեց, թէ մօտիկ օրերուն Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ խաչքար մը պիտի զետեղուի Բայբուրդեանի անունով; Ներկաները երկարատեւ եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդունեցին այդ յայտարարութիւնը։


Վերջաւորութեան խօսք տրուեցաւ նոյնինքն մեծարեալ Բայբուրդեանին, որ շատ յուզուած էր այդ պահուն եւ որ իր ընտանիքին անունով իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր խօսք առնողներուն, իրենց սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքերուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց իր տիկնոջ եւ զաւակներուն, որոնք դիւանագէտի մշտատեւ տեղափոխութիւնները հաճոյքով տարին։ Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ամերիկահայ խորհուրդի անդամներուն, որոնք այս ձեռնարկը այսպիսի տօնական շուքով կազմակերպեցին։
Ձեռնարկը աւարտելէ առաջ, կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին Բայբուրդեանին։
Բոլոր ներկաներուն միաբերան Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ այս ձեռնարկին պաշտօնական մասը եւ հակառակ անոր որ յաջորդ օր գործի օր էր, բայց ներկաները երկար ժամանակ մնացին զրուցելու, նկարուելու եւ վայելելու Բայբուրդեանին եւ ընտանիքի ներկայութիւնը։
Բայբուրդեան ամբողջ կեանքին մէջ միշտ ալ սէր ցանած է, յարգանք եւ մարդկութիւն ցանած է, իսկ այդ գիշէր ինչպէս որ կ՛ըսեն՝ «ինչ որ ցանես, այդ կը հնձես», Բայբուրդեան քաղեց իր ցանած հունձքը, տասնապատիկով, արժանանալով ներկաներուն անսահման սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքերուն։
Պատիւն արժանաւորաց, նորանոր յաջողութիւններ մեր սիրելի գլխաւոր հիւպատոսին, յօգուտ եւ ի փառս մեր յաւիտենական հայրենիքին եւ ազգին։