Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու վերջերս արագացած գործընթացները, որոնք կը զուգորդուին Ատրպէյճան հետ հաղորդակցութեանց կապերը բանալու եւ սահմանները ճշդորոշելու աշխատանքներուն, Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան լուրջ սպառնալիքներ կը հանդիսանան:
Այնպէս կը թուի, թէ Երեւան խանդավառութեամբ կ՛ընդուի 2020ի պատերազմին կրած պարտութենէն ետք իր վրայ պարտադրուող այս գործընթացները: Միաժամանակ, Երեւանէն երաշխիքներ չենք լսեր, թէ այս գործընթացքներ վնասներ պիտի չպատճառեն Հայաստանի գերիշխանութեան:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը լի է վտանգներով: Երեւան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սահմանները բանալու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու, առանց պատասխանատուութեան կանչելու Անգարան՝ 2020ի պատերազմին իր մեղսակցութեան համար: Այն տպաւորութիւնը գոյութիւն ունի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կառավարութիւնը լաւ սերտուած տնտեսական, ռազմավարական եւ ապահովական ծրագիր մը չունին եւ կ՛առաջնորդուին միայն «շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու» անորոշ սկզբունքով:
Մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանին եւ Արցախին, նոյնիսկ հետաքննութիւն սկսելով Արցախի եւ Հայաստանի ներկայ եւ նախկին ղեկավարներուն դէմ եւ շարունակելով բնաջնջել հայկական մշակութային հետքերը, Երեւան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճան հետ հաղորդակցութեան կապերը բանալու:
Շրջանին մէջ այս տարուան իրադարձութիւնները, յատկապէս Ղազախստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ, վստահաբար իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի վրայ:
Արդեօք Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ Երեքշաբթի օր կնքուած դաշնակցային համագործակցութեան համաձայնագիրով Մոսկուա Արցախի բանալիները կ՛ուզէ Ատրպէյճանի՞ն յանձնել, փոխարէնը ստանալով Պաքուի զօրակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ տագնապին մէջ:
Այլ օրինակ մըն է Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի միջեւ միացեալ պետութիւն հաստատելու ջանքերուն արագացումը, յատկապէս Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿի միջամտութենէն ետք, որ օրին վաւերացուած էր այդ մարմինին նախագահութիւնը ստանձնած Փաշինեանին կողմէ: Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի միջեւ միացեալ պետութիւն հաստատելու համաձայնութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «գերազգային» կառավարման մարմինի մը նախատիպը: Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշնեքօ յայտարարեց, թէ Հայաստան եւս պէտք է միանալ այս միութեան, պնդելով, որ Երեւան այլ ընտրանք մը չունի, որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ մարմին պիտի ընդունի զինք:
Մինչ այս անարգանքին Երեւանի պատասխանը մեղմ էր, անիկա զայրոյթ յառաջացուց ժողովուրդին մօտ:
Հակառակ այս իրականութեան, նախկին նախագահ եւ ներկայիս գլխաւոր ընդդիմադիր՝ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերտ Քոչարեան համաձայն է, որ Հայաստան միանայ Ռուսիոյ առաջնորդած այս նոր դաշինքին, պնդելով, որ անիկա նախընտրելի է, իր կարծիքով, Երեւանի թրքամէտ քայլերուն:
Յստակ է, որ Քոչարեան Ռուսիոյ ջատագով է, իրողութիւն մը ան հաստատած է իր նախագահութեան օրերուն, իսկ անոր նորագոյն կոչը ցոյց կու տայ, թէ ան տեղի տուած է արդէն եւ չի հաւատար, որ Հայաստան կրնայ գոյութիւն ունենալ իբրեւ անկախ պետութիւն:
Հակառակ պատերազմին կրած Հայաստանի պարտութեան եւ անոր դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, երկրին քաղաքական ուժերուն գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանի գերիշխանութեան պահպանումը:
Հայաստան եւ Արցախ սուղ գին վճարած են իրենց անկախութիւնը կերտելու համար: Հազարաւորներ իրենց կեանքերը զոհած են ազատ հայրենիք մը ունենալու նպատակին, տարրական իրաւունք մը, որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ վտանգուած կը մնայ:
Մեր հայրենիքի անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը չեն կրնան բանակցութեանց նիւթ ըլլալ, այլ գերագոյն արժէքներ են, որոնք ամէն գնով պէտք է պաշտպանուին եւ պահպանուին: