ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան, Լիբանանի արուեստի տօնին առիթով՝ Փետրուար 25ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարներու եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ 308 մասնագէտ եւ սկսնակ արուեստագէտներու, որոնց շարքին` Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի անդամներ Մարալ Մանիս եւ Նորայր Պուտաքեան, նաեւ արուեստագէտներ՝ Միրէյ Կոկիկեան, Կիւլէն Տէր Պօղոսեան, Շահէ Տէր Պօղոսեան, Նիկոլ Պուլտուքեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լենա Այտընեան, Վերոնիք Այվազեան Քոպթի, Ժագլին Օհանեան, Լիտիա Շարլաճեան, Տորին Խանամիրեան:
1997ին Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 25 Փետրուարը հռչակուեցաւ Լիբանանի արուեստի տօն, որ տարիներ շարունակ կը նշուէր դասախօսութիւններ կազմակերպելով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նախաձեռնուած է նման հաւաքական ցուցահանդէսի մը:
Ցուցահանդէսին ընթացքին մշակոյթի նախարարութիւնը յետ մահու պատուեց ութ արուեստագէտներ, որոնցմէ մէկն էր Յարութիւն Թորոսեանը: Յուշանուէրներ յանձնուեցան անոնց ընտանիքի անդամներուն, ներկայացուեցան անոնց արուեստի գործերը:
Նախքան ցուցահանդէսը, Լիբանանի Ազգային թանգարանի կից տեղի ունեցաւ Լիբանանի առաջին պետական արուեստի թանգարանի հիմնարկէքը: