ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, Գանատա, «Հորիզոն».- 34 տարի առաջ Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով, Փետրուար 26ին, բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանքուվըրի հայ համայնքի անդամները:
Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ եւ կայացաւ Գանատայի Հանրային ձայնասփիւռի կայանի (CBC, Canadian Broadcasting Corporation) Վանքուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 34 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին: Ցուցարարները ատրպէյճանական ռազմական ոճիրները եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող պաստառներ պարզեցին։