ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի յատուկ նստաշրջանը 2 Մարտին բանաձեւ ընդունեց` դատապարտելով Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա: «Յարձակում Ուքրանիոյ վրայ» խորագրեալ բանաձեւին ՄԱԿի 193 անդամներէն 141ը թեր քուէարկեցին, դէմ` միայն 5ը, ձեռնապահ մնաց 35 երկիր: Հայաստան ձեռնպահներուն կարգին էր, ինչպէս օրինակ` Չինաստան, Հնդկաստան, Իրան եւ այլն:
Դէմ քուէարկած 5 երկիրներն են` Ռուսիա, Պելոռուս, Սուրիա, Հիւսիսային Քորէա ու Էրիթրէա:
ՄԱԿի բանաձեւը կը դատապարտէ Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա եւ կը վերահաստատէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:
ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւերը իրաւական պարտադիր ուժ չունին, բայց կ՛արտացոլացնեն միջազգային ձեւաւորուած կարծիքը:
Աւելի կանուխ, Ռուսիա արգելափակած էր նոյնատիպ բանաձեւի ընդունումը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, ուր ան վեթոյի իրաւունք ունի: