ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Մարտին Հայաստանի շարժապատկերի սրահներուն մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Գարուն Ա» ժապաւէնը, որ, ըստ անոր ստեղծագործական խումբի անդամներուն, «մեր մասին պատմող ֆիլմ» է։ Ֆիլմին հերոսները կը սիրեն, կը պատերազմին, կը յուսալքուին, սակայն կը շարունակեն պայքարիլ եւ ապրիլ յանուն հայրենիքի, յանուն երկրի ապագային. անիկա ձեւով մը կ՛ամփոփէ Հայաստանի վերջին երեսուն տարին։
Ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան լրագրողները ոչ միայն կարելիութիւն ունեցան դիտելու զայն, այլ նաեւ հանդիպում ունենալու ստեղծագործական կազմին եւ զրուցելու անոնց հետ:
Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչ Ալեքսանդր Խաչատրեան նաեւ գլխաւոր դերակատարներէն է: Ան կերտած է բացառիկ զինուորականի կերպար, որուն համար երկիրն ու հայրենիքը բացարձակ արժէքներ են: Ըստ Խաչատրեանի` «Գարուն Ա»ն սիրոյ, բանակի, ազգային գաղափարախօսութեան անհրաժեշտութեան ու արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի նկատմամբ ունեցած մեր վերաբերմունքի տեսակներուն մասին:
«Մենք ներկայացնում ենք այն մարդու տեսակը, որն ուզում ենք` լինի: Չենք ցանկանում ցուցադրել մարդու այն տեսակը, որը վատն է: Կան տարբեր հայրենասիրութիւններ: Շատ ցաւալի խնդիրներ են բարձրաձայնւում, որոնց լուծում չեմ կարողանում գտնել», շեշտեց Խաչատրեան:
Բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեան 28 Փետրուարին կրցաւ Հայաստան վերադառնալ Ուքրանիայէն, ուր գացած էր ժապաւէնին վերաբերող որոշ աշխատանքներ աւարտելու նպատակով: Ան կը խոստովանի` ցաւալի տեսարաններու ականատես դարձած է ու վերապրած այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ հայութեան հետ։
«Իւրաքանչիւրս է պատասխանատու հայրենիքի ապագայի համար: Պէտք չէ միայն մեղադրել, ինչպէս հերոսներից Արամ Ամատունին է ասում ֆիլմում. անհրաժեշտ է պատասխանատուութիւն կրել հայրենիքի նկատմամբ, հայրենասիրութիւնն արտայայտել գործով», յայտնեց Մուշեղեան:
Բեմադրիչը փորձած է գլխաւոր կերպարներէն մէկուն` ջութակահար Լեւոնին միջոցով նկարագրել պատերազմը եւ հանդիսատեսին թոյլ տալ մտածելու, թէ ի՛նչ էր ի վերջոյ ճիշդ որոշումը. ջութակահարը պէտք է հայրենիքին ծառայէր` մեծ բեմե՞ր նուաճելով, թէ՞ զէնքով:
Ջութակահարը մարմնաւորած դերասան Լեւոն Հախվերդեան այն կարծիքին է, որ արուեստագէտը ազգին, ժողովուրդին խիղճն է: «Ինչպէս շատ դասական ֆիլմերում, այնպէս էլ այստեղ արուեստագէտի միջոցով ներկայացւում է պատերազմը, ինչն առաւել ազդեցիկ է դարձնում ամէն բան: Իմ կերպարը հնարաւորութիւն ունի հանդէս գալու մեծ բեմերում, բայց կեանքը, հանգամանքներն այնպէս են դասաւորւում, որ նա իր տաղանդը ստիպուած մարտի դաշտում է օգտագործում: Ես շատ կ՛ուզէի, որ սա միայն ֆիլմ լիներ», եզրափակեց ան:



Արմէն Մարգարեան ժապաւէնին մէջ կերտած է Լեւոնին հօրը` Գնելի կերպարը: Ըստ անոր՝ կարելի է հայրենասէր ըլլալ նաեւ բեմին վրայ: Մարգարեան երբեմն կը ստանձնէ դերեր, որոնք կ՛առնչուին իր անձնական կեանքին: Դերասանը համաձայն չէ իր մարմնաւորած կերպարի որոշ միտքերուն, գործողութիւններուն, սակայն այդ ժամանակաշրջանին վերապրած է այն, ինչ որ իր կերպարը ապրած էր:
Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչը Ալեքսանդր Խաչատրեանն է, արտադրիչը` Դիանա Աւետիսեանը: Բեմագրութիւնը հեղինակած է Յարութիւն Ղուկասեանը: Ստեղծագործական կազմը վստահ է, որ ֆիլմը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացուելու, քանի որ նկարահանուած է բարձրագոյն չափանիշներով:
Ժապաւէնին ամերիկեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է 1 Ապրիլին:
Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները երեք են` պապ, որդի, թոռ: Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտացոլացնէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը: Պապը` Արամը, արհեստավարժ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին: Որդին` Գնելը, ձեռներէց է. մինչ օրս չէ ներած հօրը՝ հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար: Թոռը` Լեւոնը, երաժիշտ է, որ կ՛ոգեշնչուի իր մեծ հօր գաղափարախօսութեամբ, սակայն հերոսի կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին՝ ստեղծելով ժապաւէնին հիմնական հակամարտութիւնը։