
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դրական նկատեց Ժընեւի մէջ կայացած Հայաստան-Թուրքիա յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը:
«Հայաստանի եւ Թուրքիայի ներկայացուցիչների երկրորդ հանդիպումը գնահատում եմ դրական: Կարող էք ամէն ինչ կարդալ նաեւ ներկայացուցիչների կողմից արուած յայտարարութեան մէջ: Կողմերը վերահաստատել են, որ գործընթացը տեղի է ունենում առանց նախապայմանների եւ որ գործընթացի վերջնարդիւնքը յարաբերութիւնների կարգաւորումն է եւ, ի հարկէ, մեզ համար, Հայաստան-Թուրքիա սահմանների բացումը», նշեց Միրզոյեան` պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեանի այն հարցումին, թէ նախարարը ինչպէ՞ս կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացը։
Նախարարը նշեց, որ երկրորդ հանդիպման ժամանակ շատ աւելի յստակ եղած է քննարկումը, քան առաջին հանդիպումին: «Միեւնոյն ժամանակ, կարծում եմ, բոլորս հասկանում ենք, որ շատ շօշափելի արդիւնքներ նոյնիսկ երկրորդ հանդիպման համար ակնկալել դժուար է` մի գործընթացի, որը պէտք է լուծումներ տայ հարիւրամեակների եւ տասնամեակների խնդիրներին», եզրափակեց Միրզոյեան:
Նախարարը նաեւ անդրադարձաւ 11-13 Մարտին Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու՝ Հայաստանի ուղղուած հրաւէրին, եւ նշեց, որ Հայաստան ցարդ որոշում չունի:
«Շատ սրընթաց կերպով են իրադարձութիւնները զարգանում եւ փոփոխւում` ամէն օր, ամէն վայրկեան: Եւ, ըստ էութեան, նախկինում նոյնիսկ կարճաժամկէտ թուացող իրադարձութիւնները այժմ բաւականին երկար են: Երբ որ ժամկէտները մօտենան, որոշում կը կայացնենք», յայտնեց Միրզոյեան: