ԵՐԵՒԱՆ․- «Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան օդանաւերէն մէկը անուանակոչուեցաւ արցախեան 44օրեայ պատերազմին նահատակուած ՀՄԸՄական Գրիգոր Ղազարեանի անունով, կը տեղեկանանք «Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան Facebook-ի էջէն:
«Գրիգոր ազգային մշակոյթի կրողն ու քարոզիչներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ` ձիարշաւի մեծ սիրահար եւ սկաուտական շարժումի աշխուժ մասնակից», կը նշուի հոն: