
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Արցախին 50 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբին, անսալով այդ առնչութեամբ Հայ Դատին եւ անոր համակիրներուն կողմէ ներկայացուած դիմումներուն։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին դիմումին մէջ կը շեշտուի, թէ այդ գումարը կենսական է Արցախի տագնապէն տուժած հայ գաղթականներուն անմիջական օժանդակութիւններ հասցնելու ջանքերուն համար, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ ցարդ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները բաւարար աջակցութիւն չեն տրամադրած ատրպէյճանական անարդարանալի ռազմական յարձակումներուն թիրախ դարձած Արցախի հայութեան։
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան նամակներ յղած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան 20 հեղինակաւոր անդամներու, զօրակցութիւն յայտնելով Հայկական համախմբումին դիմումին, աւելի քան 90,000 արցախահայերուն անմիջական կարիքներուն անտեսումը անընդունելի որակելով, «յատկապէս երբ նկատի առնեն պատերազմի զոհերուն աջակցելու ամերիկեան աւանդութիւնը»։
Այս նպատակով Հայ Դատին սկսած նամակարշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը: