
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ իշխող «Ժողովրդային դաշինք»ի անդամ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիճի ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ Ռուսիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ան նշեց, որ Թուրքիա պէտք է ընդդիմանայ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումին, քանի որ եթէ «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիա չկասեցնենք, վաղը կրնայ Կարս եւ Արտահան հասնիլ»։
«Մենք պէտք է ըլլանք այն երկիրը, որ իր ձայնը ամենաուժգին ձեւով բարձրացնէ այս գրաւումին դէմ, քանի որ եթէ Ռուսիա այսօր, հոս չկանգնի ու յաջողութեան հասնի, ապա վաղը անոր թիրախը պիտի ըլլան թրքական պետութիւնները եւ թրքական հանրոյթները։ Կարծես այսքանը բաւական չէ, ան (Փութինը – Խմբ.) դեռ Լենինին յղում կ՛ընէր։ Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ ան հասնի Կարսի եւ Արտահանի մեր սահմանը», յայտարարեց Տեսթիճի։

Իր կարգին, Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ, կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով, քննադատեց Ուքրանիոյ հարցով Անգարայի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, ան նաեւ նշեց․ «Ո՞վ կրնայ հանգիստ ըսել, որ Փութինի գլխուն մէջ Կարսը, Էրզրումը եւ Արտահանը Ռուսիոյ պակսող մասերը չեն»։