ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Մոսկուայի մէջ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի միջեւ հանդիպում մը:
Հանդիպումին յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապտոլլահեան յայտնեց, որ մէկ օր առաջ երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ ու վերջինիս ուղերձը յանձնած է Լաւրովին:
«Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը խնդրեց պարոն Լաւրովին յայտնեմ, որ Ուքրանիան հանդէս կու գայ պատերազմը դադրեցնելու եւ քաղաքական կարգաւորման վրայ կեդրոնանալու օգտին», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան նաեւ նշեց, որ Իրան դէմ է պատերազմին, ինչպէս նաեւ միակողմանի կերպով սահմանուած պատժամիջոցներուն: