ՊԷՅՐՈՒԹ․- Երկուշաբթի, 14 Մարտին, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա այցելութիւն տուաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն շուրջ: Անոնք ունեցան տեսակէտներու փոխանակում` ակնարկելով Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապի լուծման:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին` համաձայն գտնուելով, որ անհրաժեշտ է դիմել բոլոր միջոցներուն, հաստատելու համար խաղաղութիւնը` յարգելով ազգերու եւ անհատներու իրաւունքները: