
ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երեքշաբթի, 1 Մարտի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին ղօղանջը թաւաձայն հնչեց եւ վերջին անգամ ըլլալով Ս. խորան բարձրացաւ լուսահոգի Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեանը:
Յընթացս Ս. պատարագին, վերջին օծման եւ թաղման կարգը գլխաւորեց Օշական արք. Չօլոյեան: Վախճանեալ հայր սուրբին դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. խորան, ուր շարականներու երգեցողութեամբ հերթաբար դէպի արեւմուտք, արեւելք ու հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք սրբազանը սրբալոյս միւռոնով օծեց հանգուցեալ հայր սուրբին ճակատը եւ աջը:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր դամբանական խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեանքը պարզապէս ճամբայ մըն է, ուրկէ մեր մարմինը կ՛անցնի, իսկ հոգին կը միանայ այն Աստուծոյ, որուն, յատկապէս այս պարագային` հոգեւորականներս, ուխտած ենք ծառայել եւ պաշտել: Մէջբերելով «Ողջո՛յն քեզի» երգէն` ան ըսաւ, որ հայր Վահանն էր հրաժեշտի խօսքերը արտասանողը. «Մնաք բարով եկեղեցի, մնաք բարով Ս. սեղան, մնաք բարով հոգեւոր եղբայրներ եւ մնաք բարով ժողովուրդ» ընդգծելով, որ հանգուցեալ հայր սուրբը իր ծառայական կեանքը Լիբանանի, Վենեզուելլայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ վերջապէս իր ծննդավայր Սուրիոյ մէջ անցուցած է խոնարհաբար, նուիրաբար եւ այնպէս, ինչպէս Աստուած կը կամենար. «Այսպէս ճանչցանք հայր Վահանը 62 տարիներ առաջ, երբ, իբրեւ դասընկեր, դպրեվանք եկաւ եւ իր աշխատասիրութեամբ աւարտեց Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի կարգերը: 55 տարիներ առաջ ձեռնադրուեցաւ եւ այդ օրէն սկսեալ իր հաւատարմութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մնաց անսասան»: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը վկայեց, որ կաթողիկոսարանին եւ թեմերուն մէջ հայր Վահանը համեստութեամբ ստանձնած է իրեն վստահուած պաշտօնները` ամբողջովին նուիրուելով Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր անձին մեծութիւնը տուեալ պաշտօնին մէջ չփնտռելով, այլ` ստանձնած պաշտօնը իր ծառայութեամբ բարձրացնելով:
Դամբանականէն ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, միաբան հայրերը Ս. խորան բարձրացան ու վերջին հրաժեշտը տուին հոգելոյս հայր սուրբին` անոր օծեալ ճակատն ու աջը համբուրելով:
Ս. պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը, ինչպէս նաեւ` հողի օրհնութիւնը եւ գերեզմանի կնքման արարողութիւնը:
Նշենք, որ Արամ Ա. վեհափառ ֆիզիքապէս ներկայ չէր կրցած ըլլալ սոյն արարողութեան` վարակուած ըլլալուն պատճառով: