ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախ է յայտարարելու, որ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը պիտի մեծարէ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեան ամոլը «ՀՕՄի Կալա 2022» ձեռնարկին ընթացքին:
Տէր եւ տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեան ամոլը երկար տարիներու վաստակ ունի մեր գաղութին մէջ՝ իբրեւ նուիրատու բարերար, որ անվերապահօրէն զօրակցութիւն յայտնած է մեր գաղութին, Հայաստանին եւ Արցախին: Եուրէճեան ընտանիքը համեստօրէն ընդունելով մեծարանքը՝ դրուատեց ՀՕՄի նուիրումը եւ ձեռնարկին նպատակը, ու յայտնեց, թէ պիտի ստանձնէ «ՀՕՄի Կալա 2022»ի ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը:
Այս տարուան ձեռնարկին նպատակն է՝ նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել Երեւանի «Հեռացի» հիւանդանոցի «Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական» կեդրոնին, ուր բարձր հոգատարութիւն եւ բուժում կը ստանան վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորները, որոնք Արցախեան պատերազմին պատճառով առողջական լուրջ հարցեր ունին եւ առաւել քան երբեք մեր օգնութեան կարիքը ունին:
Կալա ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Հոլիվուտի «Տաղլեան» շքեղ սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ Taglyan Complex 1201 N. Vine Street Los Angeles։
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բարերար տէր եւ տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեան ամոլին եւ զաւակներուն, որոնք թեւ ու թիկունք են ՀՕՄի լայնածաւալ աշխատանքներուն:
ՀՕՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ