ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանցի մարզիկներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «երկար տարիներ` շուրջ 30 տարի, միջազգային հարթակներու վրայ` թէ՛ մարզական եւ թէ քաղաքական, Ատրպէյճան ներկայացուած էր իբրեւ պարտութիւն կրած երկիր», սակայն «Ատրպէյճան յաղթող երկիր դարձաւ 44օրեայ պատերազմին, որուն ընթացքին կռուեցաւ արժանապատուօրէն` պահպանելով պատերազմի բոլոր օրէնքները»:
«Մենք չենք պատերազմած քաղաքացիներու դէմ, չենք ռմբակոծած շէնքերը, մենք դաժանութիւն չենք ցուցաբերած», պնդեց Ալիեւ:
Արցախեան 44օրեայ պատերազմին ատրպէյճանական զինուժի օդային հարուածներու իբրեւ արդիւնք Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ վնասուեցան բազմաթիւ բնակելի շէնքեր, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ, եկեղեցիներ, զոհուեցան 77 խաղաղ բնակիչներ: Բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ ենթարկուեցան դաժան եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի եւ խոշտանգումներու` ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ կա՛մ գերի տարուելու, կա՛մ տեղափոխութեան ընթացքին, կա՛մ տարբեր բանտերու մէջ բանտարկութեան ընթացքին», հաստատեց «Հիումըն Ռայթց Ուաչ» հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը: