Վեհանոյշ Թեքեան

Տեղեակ չէի, թէ Վարդան Մամիկոնեանի «Հիմի է՞լ լռենք» երգը ունի նաեւ իր զուգակից՝ «Վահանի Պատասխանը», կամ՝ «Հիմի է՞լ Խօսենք»։
Անմեկնելի հմայք մը ունին հին գիրքերէն անոնք, որոնց դիմագիծը՝ թաւալող ժամանակը աղոտած է, դալկացուցած է, էջերը թօշնած են, բայց ներքի՛ն ժամանակը ջինջ ու խօսուն մնացած է։ Եւ քանի որ գրկած են հայերէն տառեր, կը դառնան «հաշիշով օծուն ու բալասանով»։
Ո՛չ թէ արձագանգը, կ՛ուզես ձայնին աղբիւրը գտնել եւ պատահմա՜մբ կը գտնես այս երգարանը, որուն առաջին էջը չկայ, որպէսզի թուականը գիտնաս։ Կը շօշափես, այդ գիրերը, կը յստականան, կը զօրանան, սկզբնական վայրն ու ձայնը կը բերեն։ Միաձայն, քառաձայն, բազմաձայն։ Կը միաձուլուիս ժամանակին մէջ ու անոնց խօսքը ինչպէ՜ս մէջէդ կ՛արձագանգէ։ Չէ՞ որ անորոշութեան ովկիանոսին մէջ փրկութեան հրուանդան մը կը փնտռես։ Նախախնամութիւնը օգնութեան հասած է։
Այս երգերը մեր մանկութիւնը օրօրեցին։ Դպրոցին մէջ «Լռեց ամպերը» կ՚երգէինք, «Հիմի էլ լռենք»ը, «Իբրեւ արծիւ»ը։ Այն ատեն ոգեկոչում էր։ Հիմա՝ աւելի է, հիմա հոգին կը ցաւցնէ, կը ցնցէ, արարողութեան պատմուճանը գետին ձգած՝ խելքերնիդ գլուխնիդ հաւաքեցէ՛ք, կ՛ըսէ։ Երգէն անդին անցէ՛ք։
Կը դնես հարցը – մեզմէ ո՞վ պիտի ոգերգէ. եւ պէ՞տք է զուգորդել հինն ու նորը։ Երգարանը կարմրաւուն կազմով՝ ինքզինք կը ներկայացնէ։ «ՆՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆ Կը պարունակէ Հին եւ Նոր Ազգային Երգեր, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Սահմանադրութեան առթիւ գրուած թրքաբարբառ Երգեր։ Նորահաստատ տպարան – կը տպագրուին նաեւ նորաձեւ եւ գունաւոր գործեր եւրոպական ճաշակով։ Գաւառներէն եղած յանձնառութիւնք փութով եւ ճշդութեամբ կը կատարուին։ Տպարանիս նշանաբանն է ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՉԱՓԱՒՈՐ ԳԻՆ։ Հրատարակիչները Յ. Մ. Ազնաւոր եւ Օ. Բարսեղեան Կ. Պոլիս»։
Երգարանին թուղթը շա՜տ տկար է, վրան ցանուած գիրերը սակայն՝ ահաւոր ուժեղ են։ Կը պոռթկան, կը թաւալին, կը սգան, օրօրոց ու կարօտ կը մաղեն, պայքար ու գուպար կ՛երգեն ու հետզհետէ աւելի ահեղ կը դառնան։
Նախ կը լսուի հին-հին դարուց յիշատակ Մայր Արաքսի կարկաչը։ Կ՛անդրադառնաս, որ վերնագիրները կը կազմեն հայոց պատմութիւն մը։ «Խանասորի արշաւանք», «Հրաւէր ազատութեան», «Անկեղծ Զինուոր», «Հայրիկ ճան», «Սիփանայ սարեր», «Լոյսը բացուաւ», «Ձայն մը հնչեց», «Եղբայր ենք մենք», «Վարդան», «Երգ օրօրոցի», «Ողբ Անի քաղաքի», «Խաւարել եմ ինչպէս գիշեր», «Կիլիկիա», «Երգ հայրենի», «Երգ պանդուխտ պատանեկի», «Զէյթունցիին երգը», «Յոյս», «Խաղաղ դաշտի որդիք», «Ի զէն», «Մայրենի լեզու», «Զեփիւռ», «Հովիկ», «Գարուն հայկական», «Կոչ հայրենի լեռներուն», «Գիշեր ցերեկ կը հառաչեմ», «Անդրանիկին», «Խոստումն», «Գէորգ Չաւուշի երգը», «Հայրենիք սրբազան», «Վրէժ», «Ռազմերգ», «Հապա հայկազունք»։
Ահաւասիկ, հայկազո՛ւնք, Վահանին երգը, հեղինակ՝ Միքայէլ Նալպանտեան։
***
ՎԱՀԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Հիմի է՞լ խօսենք, եղբարք հիմի է՞լ,
Երբ ընտանեկան երկպառակութեամբ
Ուրիշ բան չունինք, բայց իրար դաւել,
Ու սարսափելի ազդեցութեամբ
Մեր նախնեաց ուխտը ոտքով կոխել ենք՝
Հիմի է՞լ խօսենք։
Հիմի է՞լ խօսենք, երբ օտարից շատ
Մենք ենք մեր ազգի արիւնը խմում,
Մոխրատնով լցրինք Դուին, Արտաշատ,
Ծխի մէջ կորաւ խաչն եկեղեցուն,
Երբ այս ամէնը մե՛նք կատարել ենք՝
Հիմի է՞լ խօսենք։
Հիմի է՞լ խօսենք, երբ իշխանութիւն
Ծախւում է անարգ հացկատակներին,
Մինչ ստրուկ մարդիկ նստած մեր գլխին
Եւ մեզ կարծում են հող իրենց ոտքին,
Ու մենք մեզ կոխող ոտքը լիզում ենք՝
Հիմի է՞լ խօսենք։
Հիմի է՞լ խօսենք երբ ձեռք ենք տալիս ,
Երբ ողջունում ենք մենք այդ չքերին
Որ դրան շուն են, եւ մեզ տեսնելիս
Շուտ դիմակները դնում երեսին,
Այդպիսիներին դարձեալ պատւում ենք՝
Հիմի է՞լ խօսենք։
Էլ մեր երեսին մնա՞ց մի կաթիլ,
Ամօթի սուրբ ջուր, որ բերան բանանք,
Ո՛չ, թէ չենք ուզում հողից հող կորչիլ,
Թշնամու արիւնով մեր թրին ջուր տանք,
Ազգ, եկեղեցի փրկենք, ազատենք՝
Ապա թէ խօսենք։
***
Մեր անտառները տարին դուշմանները։ Բայց մենք կաղնիներ ունինք, օ՜, դարաւոր. տեսանելի եւ անտեսանելի։ Ի՛նչ ալ պատահի՝ ԿԱՂՆԻՆ կը մնայ անձեռնմխելի։