ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Սալըվըն Երկուշաբթի օր կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր Ռուսիոյ նախագահին հասցէին նախագահ Ճօ Պայտընի անցեալ շաբթուան արտայայտութիւններուն պատճառով անոր բողոքագիր յանձնուեցաւ:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ դեսպանին ըսուած է, որ Փութին «պատերազմական ոճրագործ» որակելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւնները յարիր չեն բարձրաստիճան պետական գործիչին եւ թէ անոնք ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները խզման եզրին կը հասցնեն: