
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան գարնանային վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ անոր կը մասնակցին զանազան համալսարաններէ 8 խանդավառ ուսանողներ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ժամանակաւոր գործադիր վարիչ Վերժինի Թուլումեան կը տեղեկացնէ, թէ վարժողական ծրագիրին հետեւողները պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Հայ Դատի շարք մը յանձնախումբերու համար։ Անոնք նաեւ պիտի իրականացնեն կարգ մը ծրագիրներ, որոնք զիրենք կը պատրաստեն ըլլալու Հայ Դատի ջատագովներ: Անոնց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններու համար այցելել՝ կայքէջը։
Վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Ալեքսանտր Ածիլածեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, քաղաքական գիտութիւն), Մանէ Բերիկեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան, միջազգային յարաբերութիւններ), Արման Ջրաղացպանեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան, առողջապահութիւն եւ քաղաքական գիտութիւն), Աննա Ղուկասեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, հոգեբանութիւն եւ քաղաքական գիտութիւն), Էլենա Իսմայիլեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, քաղաքական գիտութիւն եւ հայագիտութիւն), Ալեքս Մալիքեան (Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճ, քաղաքական գիտութիւն), Սարա Օհաննէսեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, տնտեսագիտութիւն եւ հանրային յարաբերութիւններ) եւ Մելոտի Սէրայտարեան (Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճ, հաղորդակցութիւններ)։
Ամառնային վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի Յունիսին։ Հետաքրքրուողները կրնան այցելել կայքէջը։