
ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, 3 Ապրիլին, կ․ե․ ժամը 12։30էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ (2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721) տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսին գլխաւորութեամբ դէպի Լիբանան վերջերս իրականացած Ֆրեզնոյէն հայ բժիշկներու նորագոյն առաքելութեան մասին զեկուցումը։