Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մասին Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուցած բանաձեւին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայման դարձնելու առաջարկը բանաձեւին վերջնական օրինակէն վերցնելու համար աշխատանք սկսած են տանիլ Եւրոխորհրդարանի ընկերվարական եւ ազատական խմբակցութիւնները, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք գլխաւոր ջատագովներն էին այդ առաջարկին:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին համաձայն, կեցուածքի այս անակնկալ փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ բանեցուցած ճնշումներուն հետեւանքով:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան կը յայտնէ, թէ կարգ մը եւրոխորհրդարանականներու վրայ բանեցուցած թրքական ճնշումներուն հետեւանքով երկու խմբակները միաձայնութեամբ համաձայն չեն Հայկական Ցեղասպանութեան նախապայմանին:
«Եւրոպայէն դուրս ըլլալով հանդերձ Թուրքիա կը փորձէ ուրացման քաղաքականութիւնը պարտադրել Եւրոպայի», աւելցուց Չոպոյեան, միաժամանակ կոչ ընելով եւրոպացի խորհրդարանականներուն, որ տեղի չտան նման ճնշումներու:
Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը վերջերս վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, վերահաստատելով, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցութեան նախապայման պէտք է ըլլայ: Եւրոխորհրդարանը շատ հաւանաբար Չորեքշաբթի օր քուէարկութեան դնէ այս բանաձեւը:
Բանաձեւը հիմնուած էր հոլանտացի երեսփոխան Քամիէլ Ըրլինկզի մէկ տեղեկագրին վրայ: