
Երեքշաբթի, 22 Մարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Սիրվարդ Կաւուկչեանը, որ եկած էր ներկայացնելու «Սողոմոնի Երգերը» (Songs of Solomon) խորագրեալ ժապաւէնը եւ անձամբ հրաւիրելու սրբազան հայրը սոյն ժապաւէնի ցուցադրութեան՝ 22 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7ին: Հանդիպման նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Քնար Քորթոշեան:
Նշենք, որ «Սողոմոնի Երգերը» ժապաւէնը՝ Սիրվարդ Կաւուքչեանի պատմագրութեամբ, կը վայելէ հովանաւորութիւնը նոյնինքն տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սիրվարդ Կաւուկչեաններու, իսկ անոր բեմադրիչն է Արման Նշանեան: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են Համիտեան ջարդերը, 1880ական թուականներէն սկսեալ հայ ժողովուրդի կրած տանջանքները եւ Կոմիտաս Վարդապետի անցած ուղին, կեանքը եւ երաժշտական անկրկնելի ժառանգը:
Հանդիպման ընթացքին, սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Կաւուկչեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը, որ հայ ժողովուրդի չարչարալից ճանապարհը եւ պահանջատիրական ձայնը լսելի կը դարձնէ հայ թէ օտար շրջանակներու:
