ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կրնան գտնուիլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք դատի տուած ըլլան իրենց կառավարութիւնները իրենց տապալումէն ետք, կամ իրենց ունեցուածքին բռնագրաւման ի հետեւանք, սակայն ես չեմ ճանչնար ղեկավար մը, որ իր պաշտօնավարութեան ժամանակ շարունակած ըլլայ իր սեփական երկրին դէմ հայցը, օտարերկրեայ դատարանի մը մէջ: Ունինք ոչ թէ մէկ, այլ երկու հայցերու անհաւանական դէպքեր, զորս տարիներ առաջ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան: Այս երկու դատական գործերը ընթացքի մէջ էին, երբ ան դարձաւ վարչապետ: Առաւել, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Եւրոպական դատարանին մէջ քննուող հայց ունէր նաեւ Ալեքսանդր Արզումանեանը՝ դեսպան նշանակուելու պահուն:
Ոչ ոք կրնայ մեղադրել քաղաքացի Փաշինեանը, նշեալ երկու հայցերը ներկայացնելուն համար՝ 2018ին, վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն շատ առաջ, իր անունը մաքրելու նպատակով, երբ ինքն ու իր թերթը մեղաւոր նկատուած էին Հայաստանի օրէնքները խախտելու մէջ:
Այսուամենայնիւ, վարչապետ դառնալէ ետք, ան պէտք էր Եւրոպական դատարանէն յետս կոչէր հայցերը եւ հայցադիմում ներկայացնէր Հայաստանի դատարաններու մէջ, ինչ որ ըրաւ ներկայիս, պաշտօնը ստանձնելէն չորս տարի անց: Յունուար 2022ին, իր «մամլոյ ասուլիսին», Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ օրին մտածած էր հայաստանեան դատարաններ բողոք ներկայացնելու մասին, սակայն, յարմար տեսած էր նախ սպասել մինչեւ Եւրոպական դատարանին կողմէ որոշումի կայացման: Կը կարծեմ, որ աւելի ճիշդ կ՛ըլլար հայցերը յետս կոչել Եւրոպական դատարանէն եւ բողոք ներկայացնել Հայաստանի մէջ:
16 Փետրուար 2022ին, «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, որ «Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած է դատարան՝ պահանջելով բեկանել Նիկոլ Փաշինեանի 2010ի մեղադրական դատավճիռը եւ արդարացնել զայն: Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, 19 Յունուար 2010ին, Փաշինեանը մեղաւոր ճանչցած էր՝ 1 Մարտ 2008ի ցոյցերուն ընթացքին «զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն» համար (որոնց իբրեւ հետեւանք զոհուեցաւ 10 մարդ, հրոյ ճարակ դարձան ինքնաշարժներ եւ թալանուեցան խանութներ): 16 ամիս թաքնուելէ ետք իշխանութիւններէն, Փաշինեան դատապարտուեցաւ եօթը տարուան պանտարկութեան, բայց պատիժը կրեց երկու տարիէն քիչ մը պակաս ժամկէտով, ապա ազատ արձակուեցաւ՝ ընդհանրական ներումին շնորհիւ: 18 Յունուար 2022ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը հրապարակեց իր վճիռը «Փաշինեան ընդդէմ Հայաստանի» գործով, զոր Փաշինեան ներկայացուցած էր այն ատեն, երբ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ էր տակաւին: Եւրոպական դատարանը ճանչցած էր Փաշինեանի «ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի խախտումները»: Եւրոպական դատարանը վնասի հատուցման եւ դատական ծախսերու համար ոչ մէկ գումար յատկացուցած էր յօգուտ Փաշինեանի:
Հետաքրքրականը այն է, որ Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը որեւէ ապացոյց կամ առարկութիւն չէ ներկայացուցած Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ)՝ պաշտպանելու համար Հայաստանի դատարանին՝ 2010ի վճիռը, ընդդէմ Փաշինեանի: Հասկնալի է, որ կառավարութեան ներկայացուցիչը դժկամութեամբ կը ներկայացնէր ապօրինութիւններու ապացոյցներ իր սեփական երկրի վարչապետին դէմ։ ՄԻԵԴ կը կայացնէ իր բոլոր որոշումները՝ կշռադատելով հայցուորին փաստերը համապատասխան կառավարութեան ներկայացուցած ապացոյցներուն դէմ: Տուեալ պարագային, կառավարութիւնը չէր ներկայացուցած դէպքին մասին իր տեսակէտը, քանի որ հայցուորն ու կառավարութիւնը անյարմար կերպով նոյն կողմէն էին: Կարեւոր է նաեւ նշել, որ Եւրոպական դատարանը սկսած է Փաշինեանի հայցը քննելու միայն 2019ին՝ 2018ին անոր վարչապետ դառնալէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան բաւական ժամանակ ունէր իր դիմումը Եւրոպական դատարանէն յետս կոչելու համար: Ցաւօք, Փաշինեանի հայցը Եւրոպական դատարանին մէջ՝ ընդդեմ Հայաստանի, գայթակղեցուցիչ նիւթ տրամադրեց ատրպէյճանական մամուլին, որ զայն հրապարակեց՝ «Փաշինեան յաղթեց Հայաստանի, Եւրոպական դատարանին մէ»ջ վերնագիրով:
Փաշինեանի երկրորդ հայցը Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին մէջ՝ ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան, ներկայացուած է անոր «Հայկական Ժամանակ» թերթի «Դարեսկիզբ» հրատարակչական ընկերութեան կողմէ: Թերթը 14 Հոկտեմբեր 2010ին տպած էր «Ութէն Եօթն Ցուցակի Մէջ Են» վերնագիրով յօդուած մը՝ մեղադրելով Հայաստանի պետական քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ «թմրամիջոցներու, մարդկային «թրաֆիքինկ»ի եւ դրամի լուացման յանցագործութիւններու» մասնակցելու մէջ: Մեղադրեալներէն երեքը Հայաստանի դատարան հայց ներկայացուցած էին ընդդէմ «Հայկական Ժամանակ»ին՝ զրպարտութեան համար: Փաշինեան կորսնցուցած էր դատը եւ անոր յաջորդած բողոքարկումը: Եւրոպական դատարանը սակայն 2021ին որոշած է, որ դիմումատուին իրաւունքները խախտուած են, եւ Հայաստանի կառավարութեան պարտաւորեցուցած է Փաշինեանի թերթի հրատարակչութեան վճարել 9000 եուրօ վնասի հատուցում՝ տուրքերէն բացի:
Ալեքսանդր Արզումանեան եւս հայց ներկայացուցած էր Եւրոպական դատարան՝ ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան, նախքան 2017ին Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ, իսկ 2019ին՝ նաեւ Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուիլը: Ան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ վիճարկած էր Հայաստանի դատարանին կողմէ իր դատուածութիւնը՝ նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած՝ 2008ի բողոքի ցոյցերուն իր մասնակցութեան համար։ Ան եղած է Լեւոն Տեր Պետրոսեանի նախագահական խումբի ղեկավարը: Մինչ այդ, Արզումանեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն էր: 2001ին, ան հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբի հիմնադիր անդամներէն մէկն էր: 2008ի բողոքի ցոյցերէն ետք, Արզումանեան ձերբակալուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ «պետական իշխանութեան իւրացման» մէջ։ 22 Յունիս 2009ին, Հայաստանի դատարանը մեղաւոր հռչակեց զինք՝ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ, դատապարտեց հինգ տարուան ազատազրկման եւ համաներումով անմիջապէս ազատ արձակեց։ 2009ին, Արզումանեան դիմեց Եւրոպական դատարան, որ միայն 2021ին որոշեց, թէ խախտուած են անոր արտայայտուելու եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքները: Ինչպէս Փաշինեան, նոյնպէս եւ Արզումանեան, դեսպան դառնալէ ետք նախընտրեց ետ չկանչել իր հայցը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ ՀՀ կառավարութիւնը, 2017ին, անոր նշանակման գծով պայման չդրաւ վերցնել այդ դատական հայցը: ՄԻԵԴը պարտաւորեցուց Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ դեսպան Արզումանեանին վճարել 9000 եուրօ վնասի հատուցման եւ 2600 եուրօ դատական ծախսերու համար՝ տուրքերէն բացի:
Հետաքրքական է գիտնալ, թէ աշխարհի վրայ արդեօք կա՞յ ուրիշ երկիր մը, որուն վարչապետն ու դեսպանը իրենց պաշտօնը ստանձնելու պահուն ունեցած ըլլան անաւարտ դատական հայցեր՝ օտարերկրեայ դատարաններու մէջ, ընդդէմ իրենց երկրին, ստիպելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրենց վնասներուն հատուցումը եւ դատական ծախսերը վճարէ իր սեփական կառավարութեան պիւտճէէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
We can expect Any thing from Pashinian, not only law suit against
Government, WORSE,He is SELLING THE COUNTRY TO ARMENOCIDE
GENOCIDE Turkey and Azerbaijan with capitulations in row; Every
time denying “there is nothing signed” after some time declaring
“we were obliged to do”. He is already “CROWNED BY SEVERAL
PERSONALITIES THAT IN ARMENIAN HISTORY HAS NO ITS EQUAL
IN COUNTRY SELLING, BETRAYING , ARMY DESTROYING FIELDS”!!.
HE MUST RESIGN AT ONCE, BEFORE SELLING ALL!!!.