ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հրապուրիչ է «ծոց» բառը, մանաւանդ նորածինի համար, ուր մայրական կաթը կը բուրէ: Սիրահար աշուղի համար վիպային է անիկա, զգլխիչ, դիւթական, կամ «Խնձորի պարտէզ», «Ադամայ դրախտ», «Ճերմակ տաճար», ինչպէս Նահապետ Քուչակ նկարագրեց հինգ հարիւր տարի առաջ: Քառասուն տարի կեանքի ճանապարհ բռնած իմաստուն քերթողի մը համար, «ծոց»ը հայրենի լեռներու կանչող պատկեր է, իսկ մահամերձ թոքախտաւոր բանաստեղծին համար՝ հողի գիրկ, վերջին հանգստավայր մը խաղաղ: Յարգելի ընթերցող, այսօր որպէս ուխտաւոր, եկէք երկիւղածութեամբ ու խոր ակնածանքով մօտենանք հայ գրագէտի գրասեղանին, բանանք անոր ծոցատետրը ու տեսնենք, թէ այդ դեղնած բայց դեռ կեանք բուրող էջերուն վրայ, ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու այժմ մայր հողի ծոցին մէջ յաւիտենական հանգիստի արժանացած հայ գրիչը «ծոցանուէր» ի՛նչ ջերմ տողիկներ յօրինած է:
«Ծոց» բառը ներգրաւող, հիւրընկալ բառ մըն է հայուն համար: Մարդկային մարմինի գիրկ է անիկա, կուրծք, ծովախորշ, գրպան, ներքին տարածութիւն, խորք, լերան փոս, ձոր, ծործոր, ինչպէս նաեւ մթնոլորտ ու շրջանակ, իսկ ռամիկի համար՝ արգանդ: Իմաստներու խոր հարստութիւն մը… Ծոցի գոգաւոր ձե՞ւն էր պատճառը: Չենք գիտեր???
Չենք գիտեր, նաեւ թէ «ծոց» բառը ճիշդ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մտաւ հայոց մայրենիի գիրկը ու անոր կենարար սնունդը ծծելով՝ աճեցաւ ու դարձաւ ներկայանալի գոյական: Անոր հնագոյն երկու գործածութիւնները կը պարտինք մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիին. «Ի ծոց տապանին», այսինքն՝ տապանի մէջ, ու «Պարսկային ծոց»: Երկրորդը մինչեւ այսօր անփոփոխ ու գործածելի կը մնայ, մանաւանդ քարիւղի պատճառով ծայր առած լարուածութիւններուն ժամանակ: Ապա ստեղծած ենք Միածին Յիսուսը նկարագրող երկու ածական. «ծոցածին», 6րդ դար, եւ «ծոցածագեն»ջ, 10րդ դար: Միջնադարու հայ մատենագիրին համար հազուագիւտ բառեր էին անոնք, եւ մեր հայրերը ընտիր արտայայտութիւններ ստեղծեցին անոնց հետ. «Անմարմին ծոցածին», շարական Աւետման Սուրբ Աստուածածնի, «Հայրական ծոցածին ծաղկին», «Ծոցածագենի ծագումն»՝ Նարեկացի: 12րդ դարուն, Ներսէս Լամբրոնացի հայրապետ «Վերափոխումն Աստուածածն»ջ ներբողականի մէջ, փոխանակ «արգանդ» բառը գործածելու՝ ազնուութեամբ եւ վայելչօրէն ըսաւ. «Ի սենեակ ծոցոյ»: Միջնադարուն նաեւ գոյացաւ ծովագնացներու եւ աշխարհագիր հեղինակներու համար խիստ գործածելի արտայայտութիւն մը. «Ծոց առնուլ»: Անիկա կը նշանակէ ծովու գոգ կամ խորշ կազմել: Այսօր հայոց բառարանները հարստացած են «ծոց» բառով կազմուած տասնեակ մը բարդ բառերով, ինչպէս՝ ծովածոց, ծոցագրպան, ծոցատետր, ծոցաբաց, ծոցուոր, խորածոց եւ տռփածոց, այսինքն՝ տառփանքով լի ծոց, տենչալի ծոց ունեցող: Ո՞վ արժանացաւ այս գայթակղեցուցիչ ածականին? Աստղի՛կը: Յաջորդ յօդուածիս մէջ պիտի անդրադառնամ այդ դիցուհիին, Դանիէլ Վարուժանին ու իր «Հարճ»ին: Արդ, յիշենք ժողովուրդի ծոցէն ծնած քանի մը պատկերալից արտայայտութիւններ. «Ծոցն առնել»՝ մէկու մը հետ պառկիլ, իր մէջ առնել, «Ծոցը բանալ»՝ գիրկը բանալ, ընդունիլ, «Ծոցը դատարկ ձգել»՝ անամուսին ձգել: Հայը, երբ իր ծոցին մէջ պահած ապերախտ հիւրը կամ օտարը խայթեց զինք, հարկադրուեցաւ մէկ այլ դարձուածք մը ստեղծելու՝ «Ծոցի մէջ օձ սնուցանել / տաքցնել / պահել»: Այդ էր պատճառը, որ Սերօ Խանզադեանը եւ Մուրացանը ափսոսանքով գրեցին. «Օձ ենք տաքացրել մեր ծոցում, օ՜ձ… Ես գիտեմ, խեղճ մի՛ ձեւանայ», «Կը նշանակէ՝ ես մի օ՜ձ էի սնուցանում իմ ծոցում, որ վերջ ի վերջոյ ինձ պիտի շանթէր եւ սպանէր»:
Յարգելի ընթերցող, եթէ ունիք «Ծոցիկեան» մականունով ընկեր կամ բարեկամ, պատճառն այն է, որ «ծոց» բառը դարձաւ նաեւ հայկական անձնանուն՝ Ծոցիկ, որ յառաջացած է «ծոց» բառի փաղաքշական ձեւէն: Ըստ մեր լեզուաբան հայրերուն, ան մէկ անգամ յիշուած է 1638 թուականին: Այդ անունէն ալ յառաջացած է «Ծոցիկեան» մականունը:
Գաւառներու մէջ «ծոց» բառը այլեւայլ ձեւեր ստացաւ: Մեզի յայտնի «ծոց» տեսքը յատուկ էր Մուշ, Ալաշկերտ եւ Վան քաղաքներուն: Հաճընի մէջ անիկա «ձոց» էր, Տիգրանակերտի մէջ՝ «ձուց», Զէյթունի մէջ՝ «ձիւց», իսկ Սեբաստիոյ եւ Համշէնի մէջ՝ «ձէօց»:
«Ծոց» բառը հայկական գրատպութեան պատմութեան մէջ բացաւ տեսարժան էջեր: Առաջինը՝ 1858 թուականին, Փարիզի մէջ լոյս տեսած գիրք մըն է՝ մայր եկեղեցւոյ ծոցը վերադարձած երեք հայ վարդապետներու պատմութիւնը. «Պատմութիւն վերադարձի երից վարդապետաց ի ծոց Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ»: Անոր հետեւեցան աշխարհիկ վայելքներու նուիրուած բազմաթիւ հատորներ. «Ծոցի երգարան»՝ Թիֆլիս, 1882, «Ծոցի օրացոյց»՝ Թիֆլիս, 1889, «Ծոցի ռուսերէնից-հայերէն բառարան»՝ Ալեքսանդրապօլ, 1895, «Ուղղագրական ծոցատետր»՝ Թիֆլիս, 1933: Այնուհետեւ, Խորհրդային Հայաստանի մէջ լոյս տեսան «Վիրաբոյժի ծոցատետրից», «Լրագրողի ծոցատետրից», «Դիւանագէտի ծոցատետրից», «Զինուորի ծոցատետրից» եւ «Պարտիզպանի ծոցատետրից» խորագրեալ բազմաթիւ գիրքեր:
«Ծոց» բառը, փառք մեր աշուղներուն եւ քերթողներուն, փառաւորապէս փայլեցաւ սիրային երգ ու բանաստեղծութիւններու մէջ: Արդարեւ, հայկական գրականութիւնը իր մէջ կը պարունակէ հազարաւոր «ծոցանուէր» ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի «Կ՛ուզէի ննջել յաւէտ քո ծոցին…» վիպային տողը, կամ՝ Կարնոյ հայկական բանահիւսութեան այն նմոյշը, ուր «ծոց» բառը բուրումնաւէտ «պախճա» (մրգաստան) է: (Այս երգը 1903 թուականին, Սանասարեան վարժարանէն Վ. Գույումճեանն է հաւաքած, եւ նոյն տարուան 8 Մարտին լոյս տեսած է «Մասիս» թերթին մէջ).
«Ծոցիկըս պախճա կ՛անեմ
Քեզ մէջը մորճ կու տնկեմ
Ջրեմ ու պայծառ պահեմ
Ծաղկունացը հաւսար ցուցնեմ»:
Յարգելի ընթերցող, ներկայ յօդուածիս մէջ առաջարկեցի նոր ածական մը՝ «ծոցանուէր», իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ կը խոստանամ ներկայացնել «ծոց» բառի գրական աչքառու փունջ մը: Այդ, կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ ժողովրդական մէկ այլ երգով: Մինչ յաջորդ տեսութիւն՝ բնութեան ջերմ ծոցին մէջ շարունակեցէք վայելել մայր գրականութեան զգլխիչ ու դիւթական գործերը.
«Զի՞նչ ու զի՞նչ տամ լողվորչուն,
Զոմա զոմա էր,
Զիմ ծոցիկ տամ լողվորչուն,
Քոմա քոմա էր»: