Այո, դարձեալ Սեպտեմբեր:
Ճիշդ այս բառերուն առջեւ, երբ յաճախ ժամանակին ետեւ անցած դէմքեր աչքիս առջեւ կը տողանցեն, դէպքեր են, որ այս անգամ մտքիս մէջ նորոգուելով կը հասնիմ հոն՝ ուր շատերու հետ միասին ուսման միջնակարգ հանգրուան հազիւ աւարտած որոշ ինքնավստահութեամբ մը կ’անցնինք երկրորդական:
Նոր հանգրուան. նոր դէպքեր… որոնցմէ ամենայատկանշականը մտքիս մէջ անջնջելի մնացած է այսօր՝ «Ետ կը դառնան մի առ մի մեր հին ժամերն անկորուստ»:
Ու կը յիշեմ:
Առիթը՝ վերամուտ:
Տարին՝ 1960:
Օրը՝ Երկուշաբթի:
Դասարան կ’անցնինք. սովորութիւն դարձած դաստիարակի մը կողմէ գրատախտակին վրայ գրուած շաբթուան դասացուցակ մը այդ օր տնօրէնութեան կողմէ էր, որ կը թելադրուէր. ինչո՞ւ… պատճառը յայտնի չէր ու հազիւ տնօրէն պրն. Ստեփան Գարամարտեան դասարանէն դուրս ելած՝ չտեսնուած բան… 40 հոգինոց դասարանը ամբողջութեամբ եռեւեփած՝ «ամբոխները խելագարուած»ի պէս, տակն ու վրայ կ’ըլլայ:
– Շաբաթ կէսօրէ վե՞րջ ալ դպրոց պիտի գանք:
– Հապա՞ մեր սինեմա երթալու միակ հաճոյքը… ո՞ւր մնաց. տարիներու ընթացքին մեզի համար բացարձակ իրաւունք դարձած ազատ ժամը շա՞տ տեսան…
– Ամէն մարդ այդ յետմիջօրէին եկեղեցի պիտի երթայ, իսկ մենք…
Ու ձայն մը հոսկէ, ձայն մըն ալ հոնկէ, կէս ժամուան համար փրթած փոթորիկը վերջապէս հանդարտելով կը հասնի Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի պատմութեան մէջ առաջին ու վերջին անգամուան համար արձանագրուած «պոյքոթ»ի մը որոշումին:
Քանի մը օր եւս՝ արդէն իսկ Շաբաթ կէսօրէ վերջ է. որոշումը կը գործադրուի.
– Մենք ակումբ կ’երթանք, իսկ դո՛ւք աղջիկներդ, քաղաք ապրողները Քառասուն Մանուկ, իսկ հոս՝ Նոր Գիւղ ապրողները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին. ոչ ոք թող բացակայի, ամուր ապսպրանքով մը կ’ըսեն տղաքը:
Որոշումը լի ու լի գործադրուելով հարցը Երկուշաբթի օր դպրոց վերադառնալն էր:
– Դասարան անցէ՛ք. կ’ըլլար ընդհանուր հսկիչ պրն. Կարապետ Սապունճեանին հրահանգը. ոչինչ լսած ձեւանալով կը շարունակենք բակին մէջ ճեմել ու չհանդուրժուող այդ պատկերին առջեւ այս անգամ աւելի զօրաւոր ազդարարութեամբ մը.-
– Բոլորդ տուն կը մեկնինք- կը շարունակէ- ու մինչեւ որ ձեր իւրաքանչիւրին ծնողքին կողմէ դասարան մտնելու խնդրագիր չստանանք, ոչ ոք դպրոց կը վերադառնայ:
Խեղճ ծնողներ… Մեծամասնութեամբ ոչինչէ տեղեակ էին: Ու այսպէս հարցը բարդանալով նոր որոշումներու կը կարօտէր: Դասընկերոջ մը (Զաւէն Նալպանտեան) տան մը մէջ հաւաքուած՝
– Զօրակցութեան համար ուրիշ դասարաններու դիմենք, կ’ըլլար մէկուն առաջարկը: Կը դիմենք, բայց ոչ մէկ արդիւնք: Մնացինք մինակ, աւելին՝ շուարած ու նոյնիսկ անճրկած՝ մինչեւ որ ուսուցիչ մը. «Չեմ գիտեր ի՞նչ կ’ուզէք. չեմ գիտեր, ճի՞շդ էք, թէ սխալ էք, բայց մէկ բան գիտեմ, որ ձեր միասնակամութիւնը գնահատելի է, որուն համար ձեզ կը շնորհաւորեմ» խօսքերուն առջեւ ամէն տեսակի դժուարութիւն մեր աչքին պզտիկցած՝ նոր թափով մը առաւել եւս միասնակամ կը շարունակենք մեր ճամբան, մէկ օր վերջ հասնելու համար հոն՝ ուր չսպասուած հեռաձայնային կապէ մը կ’իմանանք, որ երեք ժամէն դպրոց չվերադարձող աշակերտը վտարուած պիտի համարուի:
– Վտարուիլ… ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Զիրար հասկնալ եւ հասկցնելու դուռները այսքան շո՞ւտ կը փակուին. ինքզինք պարտադրող արաբ ուսուցիչներու քմահաճ ժամանակացոյցին զոհը մե՞նք պիտի դառնանք. եկեղեցական սովորութիւն մը մոռացութեան ենթարկելո՞ւ գնով:
Ու հակառակ բոլոր այս յանդուգն ու իրաւացի արտայայտութիւններուն, շատ չանցած անհաւատալիօրէն այնքան փառաբանուած միասնակամութիւն մը այդ սպառնալիքին առջեւ՝ երբ կը սկսի կամաց-կամաց ջարդ ու փշուր ըլլալ. ամէն մարդ տկարացած տեսնելով ժողովրդական բացատրութեամբ մը՝ «Մեր թքած թուքը ինչպէ՞ս ետ պիտի լզենք», կ’ըսէ մէկը զայրացած: Իսկ որքանո՞վ լուրջ կրնայ ըլլալ այդ սպառնալիքը, կը մտածեմ. նոր դասարան բացող դպրոց մը հին դասարան կրնա՞յ գոցել. ու ուղեղս աւելի չչարչարած՝ առանց հեռուները երթալու մեծամասնութեան հետեւելու դիւրին ու յարգուած օրէնքով կ’որոշեմ ընդունիլ ամէն ինչ ինչպէս որ է. բայց մէկ վայրկեանէն միւսը այնքան արագ դպրոց վերադառնալու համար առնուած որոշումին համոզիչ պատճառ մը գտնելու հետաքրքրութեամբ՝ դասընկերոջ մը մօտենալով հարցուցած հարցումիս՝ «Պատանեկանի մէջ եմ», կը պատասխանէ՝
– Այսինքն:
– Պէտք է, որ վերադառնամ:
– Ես ալ Ուսանողականի մէջ եմ, բայց վերադառնալու համար ինքզինքս պարտաւորուած չեմ զգար. ու մօրս խօսքով. «գործ մը սկսիլը չէ, գլուխ հանելն է կարեւոր», երբ կ’աւելցնեմ, զիս անտեղեակի տեղ դրած՝ ոչինչ պատասխանելով լուռ կը հեռանայ: Այս անգամ բան մը գիտցողի պէս երկրորդի մը մօտեցած՝
– Դո՞ւն ալ պատանի ես, երբ կամացուկ մը հարցուցի, գլխու պզտիկ շարժումէն գրեթէ ոչինչ կրցայ հասկնալ ու այդպէս շարունակաբար, մինչեւ որ ընկերուհիի մը հասած՝
– Վստահ, որ դուն պատանի չես, բայց ինչո՞ւ համար վերադառնալու որոշումին հետ ես, երբ հարցուցի.
– Հայրենակցական միութենէ ստանալիք նպաստը կը դադրեցնեն, եթէ…
– Նպա՞ստ՝ ի՞նչ նպաստ… ոեւէ աշակերտի համար եղած կրնա՞յ ըլլալ այդ առանձնաշնորհումը, ես ինծի հարց կու տամ զարմացած:
Ու այսպէս, մէկ նորութենէ միւս նորութիւն գլխէն զարնուածի մը պէս, մէկիկ-մէկիկ իրարու ետեւէ սենեակէն դուրս ելլողներուն հետեւած՝ որոշուած ժամուն դպրոց հասնելու համար բոլորս միասին, փարախ վերադարձող հօտի մը նման, կը բռնենք կայարանէն Նոր Գիւղ հասցնող ճամբան:
Ահաւասիկ մեր դասարանի «պոյքոթ»ի պատմութիւնը, ուր ճիշդին ու սխալին հետ շահողն ու վնասողը առանց փնտռելու դէպքի մը յիշատակ դառնալու աղւորութեան առջեւ, Թէքէեանի խօսքերով կ’ըսեմ.
Երէկ գիշեր անսահման ուրախութեան ի հաշիւ
Ես ժողովեցի իրական անմահական փշրանքներ
Որոնց վրայ մտածումս ու զգայարանքս հեշտիւ
Կը մնան այժմ առկախ ջահերու պէս տար ու բեր:
Օգոստոս 7, 2006