ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը։
Վերջինս հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուելիք որեւէ դրական քայլ շրջանին եւ աշխարհին կայունութիւն պիտի բերէ:
Աուն յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութիւնը կը վերսկսի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին, որ յատկապէս տագնապալի օրերուն լիբանանցի ժողովուրդին կը զօրակցի: Ան ակնարկեց նաեւ Լիբանանի վրայ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին ունեցած հետեւանքներուն՝ մաղթելով, որ այդ տագնապը կարելի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով լուծել:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան ներկայացուց Վիեննայի բանակցութիւնները եւ իրանեան-սէուտական երկխօսութեան մանրամասնութիւնները՝ լաւատեսութիւն յայտնելով զոյգ բանակցութիւններուն ունենալիք արդիւնքներուն վերաբերեալ: Ան նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Ապտոլլահեան շեշտեց նաեւ Թեհրան-Պէյրութ երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ Իրան պիտի շարունակէ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ տրամադրել Լիբանանին:
Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, անոր հետ քննարկելով լիբանանեան քաղաքական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է ամէն գնով օժանդակելու Լիբանանին, անոր կազ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ երկու ելեկտրակայաններ կառուցելու՝ հարաւային եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ: