Ֆրանսիս պապին տնօրինումով, ընդհանրական աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական ժողովին ընդառաջ, Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պապական նոր պատուիրակ նշանակուեցաւ Լոտի քաղաքի եպիսկոպոս Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի:
Ի տարբերութիւն նախորդ պատուիրակին՝ Լեւոն արք. Զէքիեանի, անոր խորհրդատու տրուեցան Մխիթարեան միաբաններ Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան եւ Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան: Անոր քարտուղարն է՝ Համազասպ վրդ. Քէշիշեան եւ մատակարարը՝ Նարեկ վրդ. Տատուրեան:
Նոր պատուրիակը եւ օգնական հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ Սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Լիայոյս ենք որ Մխիթարի տան արեւաբոյր ցայգալոյսը հրճուանքի պատճառ դառնայ համայն հայորդիներուն եւ բարեմաղթութիւն հայ ազգի վերելքին:
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ