Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոնթենեկրօն:
Մրցումին ազդանշանը տրուելէն անմիջապէս ետք, երկու խումբերն ալ կազմակերպեցին սերտուած յարձակումներ, սակայն հայրենի կազմը 19րդ վայրկեանին, Վահան Բիչախչեանի նշանակած կօլին շնորհիւ՝ կերտեց հաւաքականին յաղթանակը:
Միւս կողմէ, տեղի ունեցաւ Լիբանան-Սուրիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Ա. խմբակի Գ. հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ: Լիբանան կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, իսկ մրցումին կօլերէն մէկը նշանակեց սուրիահայ Մարտիկ Մարտիկեան, որ զաւակն է Սուրիոյ ազգային հաւաքականին անցեալի աստղերէն Գէորգ Մարտիկեանի։