ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ կը շարունակուին «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դէմ բողոքի քայլերը, որոնց միացած են երկու տասնեակէ աւելի երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններ:
Յունուար 22ին, երիտասարդները բողոքի երթ կազմակերպած էին դէպի Եւրոյանձնաժողովի պատուիրակութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւն:
«Ցեղասպանութիւնը շարունակւում է», «Թուրքիա՛, քո ձեռքերն արիւնոտ են», «Զսպեցէ՛ք թուրքերին», «Պահանջէ՛ք Տինքի սպանութեան բացայայտումը» եւ այլ ցուցապաստառներով երթի մասնակիցները, հայրենասիրական երգերով, ԵՊՀ կեդրոնական մասնաշէնքէն շարժեցան դէպի ԵՄ ներկայացուցչութիւն, ուր Տինքի մեծադիր նկարի մօտ յիշատակի արարողութենէն յետոյ իրենց բողոքը եւ զայրոյթը արտայայտեցին սպանութեան կապակցութեամբ:
Երիտասարդներու նպատակը հետեւեալն է՝ պէտք է բացայայտուին եւ պատժուին ոչ միայն մարդասպանները, այլեւ կազմակերպիչները, քանի որ այս սպանութիւնը կատարուած է ոչ թէ անձնական, այլ ազգային դրդապատճառներով, իսկ եւրոպական քաղաքակիրթ հանրութիւնը պէտք է զգաստանայ եւ հետեւութիւններ ընէ այս ոճիրէն՝ որ Թուրքիոյ մէջ չէ եղած եւ չկայ ժողովրդավարութիւն եւ խօսքի ազատութիւն:
Երիտասարդներու յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ համացանցային զանգուածային քարոզարշաւը: Համացանցով Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն ուղարկուած է միջազգային հեղինակաւոր բոլոր կազմակերպութիւններուն, որպէսզի վերջիններս հետամուտ ըլլան այս ոճրագործութեան լիարժէք բացայայտումին: