
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը:
Լուրը հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, ըստ որուն, քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի զարգացումը՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման համար գործնական հարցերու լուծման վրայ: Վերահաստատուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններուն բոլոր դրոյթներուն հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:
Նշուեցաւ, որ երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են հետագայ շփումներու մասին:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն ետք ստեղծուած իրավիճակը եւ ցաւով արձանագրեց, որ իրադրութիւնը ոչ միայն չէ կարգաւորուած, այլ նաեւ, որոշ տուեալներու համաձայն, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հաւանական են ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու նոր սադրանքներ:
«Վարչապետ Փաշինեանը մանրամասներ է ներկայացրել Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերի բնակիչներին՝ բարձրախօսներով արուող յայտարարութիւններով ահաբեկելու, հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու Ադրբեջանի գործելակերպի վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեանը կրկին ընդգծել է, որ խաղաղապահների ներկայութեամբ ադրբեջանական ստորաբաժանումների այս գործողութիւնները եւ ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտի հարցեր է առաջացնում եւ ՌԴ նախագահին շնորհակալութիւն է յայտնել այդ իրավիճակի հետաքննութիւն անցկացնելու հարցին դրական վերաբերմունք ցուցաբերելու համար», կը յայտնէ վարչապետի աշխատակազմը:
Վարչապետը Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց հայկական կողմին ակնկալիքը, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներու ձեռնարկէ ատրպէյճանական ներխուժած ստորաբաժանումները Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս բերելու համար:
Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուեցան միջոցներու ձեռնարկել՝ ստեղծուած իրադրութիւնը շուտափոյթ կարգաւորելու համար: Անոնք կարեւոր նկատեցին 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար 2021ի եւ 26 Նոյեմբերի՝ Ռուսիոյ նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին եռակող յայտարարութիւններու ամբողջական իրականացումը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ հանդիպման ընթացքին դիտել տուաւ, որ՝ «Խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ Հայաստանէն շատ լաւ ուղերձներ կը ստանանք եւ յոյսով ենք, որ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպման ընթացքին այս հարցը աւելի յստակ կը դառնայ»:
Ալիեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այդ հանդիպումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: «Արդէն քանի մը հանդիպումներ տեղի ունեցան, եւ մենք պէտք է ուղղուինք դէպի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ պայմանագիրի ստորագրութիւն, կարելի եղածին չափ կարճ ժամկէտներու ընթացքին պիտի ստորագրենք այդ փաստաթուղթը: Ատրպէյճան ներկայացուցած է այդ պայմանագիրի հիմնական սկզբունքները», նշեց ան:
Ատրպէյճանի նախագահը հաստատեց, որ 6 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ իր հանդիպումը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ալիեւ նաեւ պնդեց, որ Ատրպէյճան լուծած է հակամարտութիւնը, հիմա եկած է խաղաղութեան ժամանակը: Ան շատ լաւ նորութիւն նկատեց Պաքուի առաջարկներուն՝ Երեւանի համար ընդունելի ըլլալու հանգամանքը:
«Հակամարտութիւնը արդէն կարգաւորուած է: Ատրպէյճան ինք ըրաւ այդ մէկը, եւ այժմ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ժամանակն է: Մենք որոշ ուղերձներ կը ստանանք Հայաստանի պաշտօնական անձերէ: Ինչպէս ինծի վերջերս յայտնեցին, այդ ուղերձներէն մէկը այն է, որ անոնք ընդունելի կը նկատեն մեր առաջարկները: Ասիկա շատ լաւ նորութիւն է, եւ ես յոյս ունիմ, որ այդ հարցին մէջ յստակութիւն պիտի ըլլայ Պրիւքսէլի հանդիպումին ընթացքին», ընդգծեց Ալիեւ:
Ան նաեւ վստահեցուց, որ Երեւանին ներկայացուած հինգ սկզբունքները կը հանդիսանան արտացոլացումը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, որոնք երկիրներուն միջեւ միջպետական յարաբերութիւններ կը պայմանաւորեն: «Այդ սկզբունքները որեւէ երկիրներու միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հիմք կը հանդիսանան: Այդ սկզբունքներէն են տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան փոխադարձ ճանաչումը, այնուհետեւ՝ սահմանազատումը: Կը կարծեմ, թէ այդ հիման վրայ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի: Մենք այդ կ՛ուզենք», յայտնեց Ալիեւ:
Ան նշեց, որ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ աշխոյժ համագործակցութեան ներուժ կը տեսնեն եւ կը կարծեն, թէ այդ հեռանկարը կարեւոր է ոչ միայն այդ երկիրներուն համար: