ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հանդիպման օրակարգը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած, սակայն կառավարութեան 31 Մարտի նիստին սկիզբը վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ալիեւի հետ կը պատրաստուի քննարկել հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններու մեկնարկին վերաբերող հարցեր: Ընդ որում, շեշտեց, Հայաստան անյապաղ պատրաստ է անոնց:
Փաշինեան 31 Մարտին յայտարարեց, թէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն Հայաստան պատրաստ է լրացուած առաջարկներու հիման վրայ: Խորքին մէջ քանի մը օրէ ի վեր կը յայտարարուի, որ խաղաղութեան պայմանագիրին համար ներկայացուած ատրպէյճանական 5 առաջարկները Հայաստանի համար ընդունելի են: Բայց 31 Մարտին Փաշինեան առանձնացուց անոնցմէ մէկը՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը՝ աւելցնելով. «Հայաստանի համար ընդունելի է փոխադարձաբար տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անխախտելիութեան ճանաչման սկզբունքը»:
Ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ»էն, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Տիգրան Աբրահամեան որեւէ լաւ ակնկալութիւն չունի Պրիւքսէլի հանդիպումէն: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան կ՛ուզէ վերջնականապէս ծունկի բերել եւ ստիպել, որ հայկական կողմը ընդունի զիջումներ, որոնք, ըստ ընդդիմադիր պատգամաւորին, նոյնիսկ պատերազմի աւարտէն ետք կախուած չէին Հայաստանի գլուխին:
«Կառավարութեան վերջին երկու նիստերին, Անվտանգութեան խորհրդի նիստին հնչեցուող յայտարարութիւններով նաեւ փորձ է արւում հանրութեանը նախապատրաստել մեր համար բաւականին չարաբաստիկ կորուստներին, որի գինը ոչ միայն Արցախն է կամ Արցախի հարցի կարգաւորումը Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում, բայց շատ աւելի մեծ եւ շատ աւելի ընդլայնուած մեզ համար կորուստներ է սահմանում: Առ այս պահը դեռեւս յայտնի չէ, թէ ադրբեջանական ներխուժումները նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք Սիւնիքի, Գեղարքունիքի հարուածներում, ինչ է ենթադրում այդ պայմանաւորուածութիւններով եւ այլն», նշեց ան:
Ըստ Աբրահամեանի՝ ատրպէյճանական առաջարկները կը հետապնդեն միայն Ատրպէյճանի շահը, իսկ Հայաստանի մատնանշած լրացումները, անոր մտահոգութիւնները աւելի կը խորացնեն։ «Եթէ Հայաստանի համար ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը եւ դրա իրաւունքը սկզբունքային լինէր, ապա դա ուղիղ տեքստով արտայայտուած կը լինէր, բայց Հայաստանի արտգործնախարարը խօսում է կարգավիճակի, խօսում է Արցախում ապրող մեր հայրենակիցների իրաւունքների եւ ազատութիւնների մասին, իսկ այդ ձեւակերպումը նաեւ տեղաւորւում է ադրբեջանական այդ դիրքորոշման մէջ, որ մենք համարում ենք Արցախում ապրողներին մեր քաղաքացիներ, մենք պատրաստ ենք ապահովել նրանց իրաւունքներն ու ազատութիւնները, աւելին, ասում են նաեւ անվտանգութիւնը: Իսկ կարգավիճակը, որտեղ չկայ սահմանուած ինքնորոշման իրաւունքը որպէս սկզբունք, նաեւ որպէս ՄԱԿում սահմանուած նպատակ, այս պայմաններում կարգավիճակը կարող է հասկացուել՝ կարգավիճակ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում, օրինակ, ինքնավարութեան կարգավիճակ, մշակութային կարգավիճակ եւ այլն», ընդգծեց Աբրահամեան:
Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Վաղարշակ Յակոբեան ընդդիմութեան ձեւակերպումներուն երբեք համաձայն չէ, այլ կ՛ըսէ, թէ կառավարութեան քայլերը Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներու շահերէն կը բխին, իսկ Պրիւքսէլի հանդիպումը, ըստ անոր, ինքնին այդ նպատակով է: «Ես այդ հանդիպումը եւ զրոյցներն այդ թեմայով դիտարկում եմ հէնց այս կոնտեքստում (պարունակին մէջ)՝ անել ամէն ինչ, որպէսզի լարուածութիւնը եւ ստեղծուած իրավիճակը չվերածուի ռազմական բախման», յայտնեց Յակոբեան:
Աւելի ուշ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, թէ ձեռք բերուած է նաեւ պայմանաւորուածութիւն Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երկաթգիծի վերականգնման մասին: Սակայն, հակառակ երկաթուղիի բացման համաձայնութիւններուն մասին ամիսներով հնչող յայտարարութիւններուն, Փաշինեան 31 Մարտին՝ վերջին երկու շաբաթներուն երկրորդ անգամն ըլլալով, յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ նաեւ այդ հարցը:
Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ, անդրադառնալով սահմանային հարցուն՝ դիտել տուաւ, թէ Հայաստան կ՛ակնկալէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը յստակ քայլերու ձեռնարկէ՝ ապահովելու ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերումը խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն եւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած սթաթուս քոն վերականգնելու համար: Ըստ անոր՝ Փառուխի ճգնաժամը ծագած է պայմանաւորուածութիւններու խախտման պատճառով։ «Տարածաշրջանում լարուող իրադրութիւնը թուլացնելու համար ձեռք էր բերուել պայմանաւորուածութիւն՝ Փառուխ-Խրամորթ հատուածից մի շարք դիրքեր հայելային կերպով հանելու վերաբերեալ եւ այս պայմանաւորուածութիւնը պիտի երաշխաւորէր ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբը: Հայկական մի քանի դիրքեր յետ են քաշուել, Ռուսաստանի խաղաղապահները տեղակայուել են նշուած հատուածում, սակայն նրանց աչքի առաջ ադրբեջանցիները ներխուժել են խաղաղապահների պատասխանատուութեան գօտի», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանական այս գործողութիւններու ակնյայտ նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան նկատմամբ ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը աւարտին հասցնելն է: Ըստ Փաշինեանի՝ այս հարցերու լուծման համար անհրաժեշտ է սահմանային իրադրութեան միջազգային հսկողութեան գործիքակազմ գործարկել:
Ան յայտնեց, որ ինչպէս 2020ի 44օրեայ պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ պատերազմէն ետք եւս Ատրպէյճան կը վարէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական յարձակումը հիմնաւորող խօսոյթի, բովանդակութան ձեւաւորման քաղաքականութիւն: «Ակնյայտ է, որ Ադրբեջանը դրանով փորձում է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ լայնամասշտաբ յարձակման լեգիտիմութիւն (օրինականութիւն) ձեւաւորել եւ իմ այսօրուայ նպատակը այդ խօսոյթի անհիմն եւ ոչ-լեգիտիմ (ոչ-օրինական) լինելը ի ցոյց դնելն է», ընդգծեց Փաշինեան:
Before Brussels meeting, both sides received phone instructions
to not commit “errors” by The Boss. From our side, ANY SECRET
CAPITULATION TERMS, WITHOUT PUBLIC DEBATE IN PARLIAMENT
WILL BE CONSIDERED AS *HIGH TREASON*, selling, ALREADY
SOLD, HUGE CONCESSIONS SECRETLY “AS OBLIGED”. ARMENIAN
NATION WILL REJECT, UNI LATERAL, MORE GIVE UPS, MUST ASK
FORCEFULLY ITS RIGHTS, KNOWN AS MAJORITY. ANY VASSAL
HAS NO PERMISSION TO *SELL* ALL ARMENIAN HIGHEST NATIONAL
INTERESTS; DIASPORA HIGHLY ACCUSED NOT FORM “NATIONAL
REPRESENTATION”, ALL DIASPORA, IMPOSE ITS RIGHT FOR
PARTICIPATE BY NEGLECT SINCE 1991, WHEN THINGS WERE
EASIER , DURING L. DER BEDROSSIAN VISIT, BY EXPRESSING
DESIRE TO PARTICIPATE, INSTEAD OF BOYCOTTING, GIVING
*FULL POWER* FOR 2nd Republic Continuation, TO ACT AS
VASSAL, PROMOTING 3 SIMILAR REGIMES , WATCHING BY
SMOKING, REACHING TOTAL COLLAPSE OF FREEDOM AND
HUGE PLANED LOSS TO THE ARMENIA & TOTAL NATION !!!.