
Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն միջոցաւ խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական ուժերու յարձակողական գործողութիւնները Արցախի դէմ:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Մենք ամէնէն խիստ կերպով կը դատապարտենք ատրպէյճանական ուժերու յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Ատրպէյճանական զօրքերու շարժը դէպի արցախեան հողեր եւ յարձակողական ռազմական գործողութիւնները յատկապէս Փառուխի եւ Խրամորթի շրջաններուն մէջ չեն արդարացուած եւ ռազմատենչ են: Տեղւոյն խաղաղ բնակչութեան ուղղուած տեղահանման կոչերը, անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումը եւ Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարման խափանումը թշնամական գործողութիւններ են խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ կը վտանգեն անոնց կեանքը։
«Ատրպէյճանական ուժերը, Նոյեմբեր 2020ի հրադադարի մասին յայտարարութեան համաձայն, պէտք է ետ քաշուին իրենց սկզբնական դիրքերը՝ թոյլ տալով վերականգնել կազմատակարարումը եւ մուտքը դէպի կազատարը:
«Ասիկա հրադադարի կոպտագոյն խախտում է, եւ, ակնյայտօրէն, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, փորձելով օգտուիլ Ուքրանիոյ հակամարտութենէն յառաջացած անկայուն իրավիճակէն՝ կը փորձէ վերադառնալ իր տարածքային անհիմն պահանջներուն՝ անկախ նախկին յանձնառութիւններէն։
«Մենք կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ հետամուտ ըլլալու այս հարցի խաղաղ կարգաւորման՝ դիւանագիտութեան ճանապարհով եւ ոչ թէ ռազմական միջոցներով: Մինչ այդ, մենք Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կոչ կ՛ընենք՝ միանալու արեւմտեան այլ ժողովրդավարութիւններու՝ դատապարտելու ատրպէյճանական վարչակազմի ռազմատենչ գործողութիւնները եւ օգտագործելով դիւանագիտական բոլոր ճնշումները՝ նախագահ Ալիեւին ստիպելու՝ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի խաղաղ գործընթացին միջոցով»: