Ռուսական ուժերէն ազատած Ուքրանիոյ Պուչա քաղաքի արտակարգ իրավիճակներու պատասխանատու Սերկէյ Քալիչնեկսեր «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Քիեւի մօտ գտնուող Պուչա քաղաքի հաւաքական գերեզմանի մը մէջ, 57 դիակներ յայտնաբերուեցան»։
«Բոլոր զոհերը մահապատիժի ենթարկուած են», ըսաւ քաղաքապետ Անաթոլի Ֆետերուք՝ նշելով, որ շուրջ 300 անձեր «հաւաքական գերեզմաններու մէջ» թաղուած են:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտնեց, թէ Ուքրանիա ռուսական ուժերուն կողմէ կը քանդուի, եւ այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանութիւն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին ըսաւ, որ Պուչայի մէջ սպաննուած ուքրանացի քաղաքայիններու լուսանկարները տեսնելը ցնցիչ է, եւ ռազմական որեւէ յանցագործութեան համար պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին:
Ան, սակայն, խուսափեցաւ պատասխանելէ այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները կը կարծէ՞, որ ռուսական ուժերը ցեղասպանութիւն գործած են:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտնեց, որ ինք ցնցուած է «Քիեւի ազատագրուած շրջանին մէջ ռուսական բանակին կողմէ գործուած վայրագութիւններու ծանր լուսանկարներէն։ Եւրոպական Միութեան կողմէ յաւելեալ պատժամիջոցներ եւ աջակցութիւն պիտի ըլլան»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Պուչայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան համար ռուսական ուժերուն ուղղուած ամբաստանութիւնը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պուչայէն հրապարակուած լուսանկարները եւ տեսանիւթերը կեղծ են եւ պատրաստուած յատուկ կերպով՝ արեւմտեան լրատուամիջոցներու մէջ տարածուելու համար: