ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ հարցերով զբաղող պատուիրակութեան քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆանօ Ֆանթորինի հանդիպում մը ունեցաւ փոքրամասնական մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին էին հայկական «Ժամանակ»ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, «Մարմարա»ի հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան եւ «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շօշափելու փոքրամասնութիւններու մամուլի կենսական բարդութիւնները՝ փոքրամասնական համայնքներու կեանքի բազաթիւ հարցերուն առընթեր:
Մասնաւորապէս ընդգծուեցան մայրենիով օրաթերթերու դիմագրաւած տագնապալի կացութեան մանրամասնութիւնները:
Ֆանթորինի յայտնեց, որ փոքրամասնութիւններու պարագան կը համարուի կարեւոր եւ կը դասուի զգայուն բնագաւառներու շարքին՝ աւելցնելով, թէ ներկայիս կ՛ընթանան Թուրքիոյ վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան տարեկան տեղեկագիրի պատրաստութիւնները, որոնց մաս կը կազմէ այս հանդիպումը:
Գօչունեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ մայրենիով հրատարակուող հայերէն թերթերը ունին առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ կ՛արտադրուին արեւմտահայերէնով, որ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին: Պոլսահայ մամուլը դատապարտուած է միայն համայնքային միջոցներէ սնուցանուելու, սակայն, անոնք վերջին տարիներուն հետզհետէ կը սահմանափակուին: Զուտ գոյատեւման նպատակով պայքար մղելով՝ թերթերը կը զրկուին հեռահար նպատակներու ձեռնամուխ ըլլալու հնարաւորութիւններէն: Թուային դարաշրջանին համապատասխան արտադրանք ծաւալելու անկարելիութիւններուն պատճառով, պոլսահայ մամուլը չի յաջողիր երիտասարդութիւնը թիրախ դարձնել, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք մըն է իր ապագայի տեսակէտէն: Ան նաեւ պոլսահայ մամուլը յատկանշական համարեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու տեսակէտէն, մանաւանդ, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ բնականոնացման նոր գործընթաց մը սկսած է:
Հատտէճեան յայտնեց, որ մայրենիով օրաթերթերու պարագային, հաւասարազօր նշանակութիւն ունին լրատուամիջոցի հանգամանքը եւ լեզուի զգայնութիւնները: Ան կանգ առաւ մարդուժի դժուարութիւններուն վրայ թէ՛ ընթեցող եւ թէ աշխատակից ունենալու տեսանկիւնէն: Ան բացատրեց, որ լեզուէն եւ պատկանելիութեան գիտակցութենէն մեծ հեռացում մը խնդրոյ առարկայ է պոլսահայութեան մօտ, թերթերը ի վիճակի չեն նորութիւններ իրականացնելու եւ եթէ կարճ ժամանակի ընթացքին աջակցութիւններ չըլլան՝ հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր եւ անվերադարձ: Ըստ անոր՝ եթէ մինչեւ մօտաւոր անցեալը փոքրամասնութիւններու թերթերու հիմնական մտահոգութիւնները քաղաքական բնոյթ ունէին. այսօր առաջնահերթ դարձած են ելեւմտական մարտահրաւէրները:
Իր կարգին, Տանձիկեան յայտնեց, թէ փոքրամասնութիւններու թերթերը չեն ստանար պաշտօնական ծանուցումներ՝ մինչ անոնք բոլոր լրատուամիջոցներուն տեսակէտէն եկամուտի միջոց կը համարուին: Ան խօսեցաւ նաեւ թուղթի գիներու անհամեմատ տատանումներուն մասին, ինչ որ ծնունդ կ՛առնէ ընդհանուր տնտեսական տագնապէն: Տանձիկեան խօսեցաւ նաեւ թերթերու ցրուումի մենաշնորհներու ազդեցութեան մասին: Ան յիշեցուց, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան մշուշի քօղը տակաւին չէ յաղթահարուած: Այդ ոճրագործութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը: Արդարեւ, սա Հանրապետական շրջանի եզակի դատավարութիւնն է, որուն ներգրաւուած հանրային պաշտօնեաներու թիւը այսքան բարձր է: Մահափորձէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, ըստ Տանձիկեանի, կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ այս դատավարութիւնը կ՛օգտագործուի իբրեւ քաղաքական լծակ:
Ապա տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակումներ:
Ֆանթորինի այլ քննարկումներ եւս ունեցաւ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ: Խմբագիրներէն առաջ, ան տեսակցած էր փոքրամասնական հաստատութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչին հետ, իսկ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ ան տեսակցեցաւ խումբ մը իրաւաբաններու հետ, որոնք կը զբաղին փոքրամասնական համայնքային կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ հարցերով: