Վերջերս, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Վանաձորի «Շող» կեդրոնը կոչուեցաւ ի պատիւ Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններուն:
Աւետարանչականի Հայաստանի մասնաճիւղը կազմակերպեց յուշատախտակի բացման արարողութիւնը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով թորոնթոբնակ (Օնթարիօ, Գանատա) Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անդամներ եւ բարերարներ Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններուն:
Սարգիս Մարանճեան անդամ է նաեւ Գանատայի Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդին:
Յուշատախտակի բացումը տեղի ունեցաւ 30 Մարտին, Վանաձորի «Շող» ցերեկային կեդրոնին մէջ: Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան ողջունեց ձեռնարկի ներկաները, հիւրերը, ծնողները եւ կեդրոնի մանուկները՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Մարանճեաններուն, որոնց առատաձեռնութեան շնորհիւ, բազմաթիւ մանուկներ կը ստանան կրթական, սոցիալական եւ հոգեբանական կենսական ծառայութիւններ:

Մանուկները գունաւոր ժապաւէններով «ֆլէշ մապ» (flash mob) մը կատարեցին, ներկայացնելով «Շող» կեդրոնին շնորհիւ կեանքի առած վառ գոյները՝ ընկերութիւն, պատասխանատուութիւն, ազնուութիւն եւ մարդկային այլ վեհ յատկանիշներ:
Վանաձորի «Շող» կեդրոնի պատասխանատու Իրինա Չախոյեան, յանուն մանուկներուն եւ ծնողներուն՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, մանուկներու կեանքին վրայ Մարանճեան «Շող» կեդրոնին ձգած անհաւատալի դրական ազդեցութեան համար:
Ձեռնարկին մասնակցողները վրձնահարուածներով ներկեցին դատարկ թուացող կտաւ մը, որ բացայայտեց Մարանճեաններու դիմանկարի ուրուագիծը:
