ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով 11 Ապրիլին հեռաձայնային զրոյց ունեցան: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան յանձնաժողովի կազմութեան, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստութեան եւ մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ աշխատելու համար:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած էին մինչեւ Ապրիլի վերջը երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման հարցերու երկկողմ յանձնաժողով մը կազմել, նաեւ յանձնարարած էին արտաքին գործոց նախարարները՝ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու սկսիլ: