
ՏԵՂԱԿԱՆ. ՀԲԸ Միութեան Պազարը
ՀԲ Ընդհ. Միութեան Քալիֆորնիոյ Շրջանային յանձնաժողովին կազմակերպած (երկու օրուան՝ Ապրիլ 4-5) հանդէս-պազարը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Սիվիք Օտիթըրիումին մէջ:
Բեմը զարդարուած էր Ուաշինգտընի, Լինկընի, Ռուզվելտի եւ եւրոպական զանազան բարձր պետական անձնաւորութիւններու նկարներով, որոնք Սեբաստիոյ հայ որբերու կողմէ բանուած են գորգի նման:
Տաղաւարները, որոնք հրեաներու կողմէ տրամադրուած էին, լեցուն էին զանազան պիտոյքներով եւ յատկացուած զանազան մասնաճիւղերու, որոնք իրարու հետ կը մրցէին աւելի հասոյթ ձեռք բերելու:
Պազարին կը մասնակցէին Ֆրէզնոյի, Սէնկըրի, Փարլիըրի, Սէլմայի եւ Ֆաուլըրի մասնաճիւղերը:
Քաղաքապետ Հարդ Երեքշաբթի երեկոյ պաշտօնապէս բացաւ պազարը:
Պազարը շարունակուեցաւ Չորեքշաբթի օրը: Նոյն երեկոյ Ֆրէզնօ ժամանեց Ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Տիրայր եպս. Տէր Յովհաննէսեան, որ հակիրճ ուղերձ մը ըրաւ:
Երկու օրուան պազարին հասոյթը կը հասնի երեք հազար տոլարի (մօտաւորապէս 50,000 տոլար, տոլարի ներկայ արժէքով):
(Յապաւուած)
Ապրիլ 11, 1922, թիւ 843