ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակ գրողներու նուիրուած առցանց յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին անոնց ստեղծագործութիւնները։
Ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 631-7611 թիւին։