ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ նշանակուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու բարելաւման հարցերու գծով: Այդ մասին հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Իկոր Խովաեւ պիտի շարունակէ գործը նոր պաշտօնով` իբրեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ: Ուշադրութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութիւնը: Կ՛ակնկալենք Պաքուի եւ Երեւանի մէջ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ Խովաեւի ջանքերուն աջակցութիւնը: Բաց ենք կառուցողական համագործակցութեամբ հետաքրքրուած միւս դերակատարներուն համար», ըսաւ Զախարովա:
Ան դիտել տուաւ, որ Խովաեւի նոր կարգավիճակը կապուած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ Մոսկուայի հետ կապերէն հրաժարելու Ուաշինկթընի եւ Փարիզի դիրքորոշման հետ: Ըստ անոր՝ 24 Փետրուարէն Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա դադրեցուցին բոլոր յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ: «Մինչդեռ Հարաւային Կովկասի մէջ իրական իրավիճակը թոյլ չի տար բանակցային դադարներու: Տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն վերականգնելու համար անհրաժեշտ են հետագայ հետեւողական քայլեր, որովհետեւ երկու երկիրները դադրեցուցած են համագործակցութիւնը Մինսքի խումբին մէջ», ըսաւ Զախարովա:
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար Պաքուի առաջարկած սկզբունքները եւ անոնց՝ Երեւանի արձագանգը հիմք հանդիսացած են հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու մեկնարկին համար:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Երեւանին եւ Պաքուին օգնելու՝ համապարփակ խաղաղութիւն հաստատելու, նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին միջոցով:
«Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի հասնելու գործընթացի խթանման: Մենք կ՛ողջունենք 6 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, խաղաղ բանակցութիւններուն եւ սահմանազատման գծով երկկողմ յանձնաժողով կազմելու նախապատրաստուելու դրական ընթացքը: Ինչպէս պրիւքսէլեան հանդիպման նախօրէին` 5 Ապրիլին, երկու ղեկավարներուն հետ զրոյցներուն ընթացքին նախարար Պլինքըն, մենք ալ կը շարունակենք խրախուսել խաղաղութեան ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետագայ բանակցութիւնները», յայտնեց Փրայս։
Ըստ անոր՝ նախարար Պլինքըն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է երկկողմ համագործակցութեան՝ գործընկեր-համախոհներուն հետ, նաեւ` իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի համանախագահող երկիր, որ օգնէ երկու պետութիւններուն հասնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութեան: