ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Հայաստան առաջարկեց Թուրքիոյ՝ բանալ ցամաքային սահմանը դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող անձերուն համար, սակայն թրքական կողմը կը յապաղի։
Վահան Յունանեան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Վիեննայի մէջ՝ աւելցնելով, որ թուականին եւ վայրին վերջնական հաստատումը պիտի կատարուի ըստ պատշաճի։
Անդրադառնալով օր մը առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի կողմէ Հայաստանին ուղղուած կոչին՝ աւելի համարձակ ըլլալու եւ երրորդ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող հանդիպումները տեղափոխելու Անգարա եւ Երեւան՝ Յունանեան ըսաւ, որ կարգաւորման նախորդ փորձերու ընթացքին հանդիպումներ եղած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ՝ թէ՛ բանակցողներուն, թէ՛ նոյնիսկ նախագահներու մակարդակով, բայց, անոնք որեւէ արդիւնք չեն տուած։
«Նկատի ունեմ` կարեւորը կարգաւորման հասնելու քաղաքական կամքն է եւ յստակ` առարկայական քայլերի գնալու պատրաստակամութիւնը: Մենք ցուցաբերում ենք երկուսն էլ, եւ նոյնն ակնկալում ենք Թուրքիայից: Եթէ կամքը լինի, հանդիպումների վայրը կը դառնայ զուտ տեխնիկական (գիտարուեստական) հարց: Աւելին, յատուկ ներկայացուցիչների` Հայաստանում եւ Թուրքիայում հանդիպումներ ունենալու առաջարկը վկայում է, որ Թուրքիայի ընկալմամբ` գործընթացն ամբողջութեամբ երկկողմ բնոյթ ունի: Այս պարագայում տրամաբանական կը լինէր, որ Թուրքիայի ներկայացուցիչներից չլսէինք գրեթէ ամէնշաբաթեայ յայտարարութիւններ այն մասին, թէ իրենք գործընթացն առաջ են մղում Ադրբեջանի հետ համակարգմամբ», ըսաւ Յունանեան: