ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ, բացումէն միայն մէկ օր առաջ, արգիլուեցաւ Հայկական տարածաշրջանային երիտասարդական միութեան (ՀՏԵՄ) կազմակերպած «Ո՛չ Ցեղասպանութեան» ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման:
Ցուցահանդէսը կազմակերպելու աշխատանքը սկսած էր այս տարուան Յունուարին: Կազմակերպիչները պատրաստած էին լսատեսողական միջոցով ցուցադրութիւն, որուն բացման պիտի մասնակցէին բազմաթիւ պատուոյ հիւրեր եւ լրատուական գործակալութիւններու աշխատակիցներ:
«Ռուսիա` Իմ Պատմութիւնը» թանգարանային կեդրոնին մէջ, 22 Ապրիլէն 8 Մայիս նախատեսուած ցուցահանդէսի օրերուն նաեւ պիտի ցուցադրուէին ֆիլմեր:
«Ամբողջութեամբ համաձայնեցուած ցուցահանդէսը չեղարկուել է վերջին պահին` մեզնից անկախ պատճառներով: Մենք ամէն ինչ արել էինք, որ միջոցառումը կայանար: Վերջին օրերին անդադար աշխատել ենք հարցը կարգաւորելու համար, բայց լուծում չգտնուեց», կ՛ըսուի ՀՏԵՄի հաղորդագրութիւնում:
Միութիւնը չբացայայտեց ցուցահանդէսը արգիլած անձնաւորութեան կամ կառոյցին անունը:
«Դժբախտաբար, մենք չենք կարող մեր կազմակերպութեան անունից մեկնաբանութիւն անել», ըսաւ ՀՏԵՄի ներկայացուցիչը: