ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջին Բանաստեղծութիւնը
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Այս մէկը՝ մասիսածին քերթող, հայութիւնը փողահարող, Եղեռնի ժանգը ոսկէ ծնծղայի վերածող Սփիւռքի հայատրոփ ու հայամրմուռ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանին գրած վերջին բանաստեղծութիւնն է: Հարիւր մէկ տարեկան էր. բնագիրը ղրկած էր ինծի, որպէսզի ուղարկեմ թերթերու: Եթէ այս օրերը տեսնէր՝ ինչե՜ր պիտի գրէր. գիշեր-ցերեկ պիտի պայքարէր: Երկինքի մէջ հիմա՝ թեւատարած կ՛աղօթէ: Արդէն յիշեցուցած ըլլալու է Աստուծոյ, թէ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ցեղն է, որ կը խաչուի հիմա, իսկ պիղատոսները շա՜տ են:
«Ես Քեզի ծառայեցի եւ փառաբանեցի ամբողջ կեանքս: Մեր ազգը գեղեցկագոյն տաճարներն ու շարականները նուիրած է Քեզի, իսկ անոնք միածին են ու բազմաթիւ: Հա՛յր Աստուած, Դուն պէտք է անյապաղ փրկես մեր ազգը, մեր հայրենաւանդ հողը՝ իր արտաքին եւ ներքին բոլո՜ր թուրքերէն», կ՛ըսէ ան:
Ամէն:
Փախչիլ Չկա՛յ Քեզի, Ո ՛վ Թուրք
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Փախչիլ չկա՛յ քեզի, ո՛վ թուրք, այլ կը սպասէ քեզի միա՛յն
Դատաստան մը այն մահաբեր օրուան համար յանկարծահաս,
Երբ ժողովուրդ մը, որ հա՛յն էր բարի, խելօք ու շինարար,
Դո՛ւրս նետեցիք իր մայր տունէն, դո՛ւք նստաք հոն տէ՛րը որպէս:
Փախչիլ չկա՛յ… Ո՛ւր ալ ըլլաս, քեզ հալածեն եւ քեզ որսան
Պիտի էջերն բազմալեզու մատեաններուն եղեռնագիր
Ինչպէս նաեւ արիւնլուայ յիշատակը ԱՊՐԻԼ 24ի,
Որ կախուած է գլխուդ վերեւ սուրի նման դամոկլեան:
Եւ արդէն ո՞ւր կրնաս փախչիլ, երբ վերն՝ Աստուա՛ծ արդարադատ,
Վա՛րն, հա՛յը կայ պահանջատէր՝ վկաներով լուռ, բայց խօսուն.
– Տէր-Զօ՛րը կայ հայաջինջ ու Եփրա՛տը հայասպան,
Հայաստա՛ն կայ արեւմտեան՝ քաղաքներով հիմնայատակ,
Այգիներո՛վ այրիացած եւ տուներո՛վ որբացած,
Խորաններո՛վ խողխողուած եւ խաչերո՛վ խոշտանգուած:
Երբ բազմագոյն մեղքերդ այս կուտակուած են խիղճիդ վրայ,
Ի՞նչպէս կրնաս անհետ խո՛յս տալ՝ անոնց համար չզղջացած:
Մինչեւ զղջումդ աւետաբեր, պիտի մնաս բանտարկուա՛ծ՝
Անփշրելի շղթաներուն մէջ բազմապիսի պարտքերուդ
Որմէ փախչիլ պիտի չըլլա՛յ քեզի մինչեւ որ գաս ծունկի՛.
Փախչիլ չկայ հազա՛ր երբեք, այլ դատաստան լոկ երկնառաք:
Փախուստ չկա՛յ, փախչիլ չունիս երազի՛ մէջ իսկ, ո՛վ թուրք
Խուժդուժ դժոխք տեղացուցիք կեանքին վրայ հայոց անմեղ,
Մինչեւ ազատ թողուին եւ հայ երկինքին մէջ կրկին թռչին
Եռագունեան ծիծեռնակներն Արարատին շղթայակապ:
Փախչիլ չկայ, որովհետեւ դատաստա՛ն կայ ոճիրներուդ,
Որոնց արդար մահավճռէն դուն ազատիս պիտի մի՛այն
Երբ բնակիչ բնիկ հայուն ե՛տ դարձնես քու իսկ կորզած
Անիները բազմապատիկ եւ Զուարթնոցը մէկ-հատիկ:
Մինչ հաւատքի եւ յոյսի բորբ լամբերով մենք՝ Սփիւռք պանդուխտ
Ե՛ւ գաղթածին, միշտ կը սպասենք, – օ՜, վերջապէս պիտի ցաթի
Պայթի, խնդայ ու որոտայ ըմբոտ Արեւն Արդարութեան
Ու պիտի մենք վերադառնանք հայրենաւանդ հողերը մեր,
Կրկին նստինք մեր սուրբ տուները գողցուած ու դեռ խաչուա՜ծ՝
Տանուտէ՛րը որպէս իրաւ եւ բնակի՛չը դարաւոր,
Անխախտելի, անքանդելի Մասիսներուն պէս մեր երկու:
Փախուստ չկա՛յ քեզի բացի երբ հայունը ե՛տ տաս հայուն,
Փախչիլ չկա՜յ, ո՛վ թուրք, բացի յանձնումովը
Հայաստանին WILSONեան:
Դեկտեմբեր 2016-Յունուար 2017