ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

«Ապրիլ» բառը իր ստուգաբանական իմաստէն փարսախներով հեռու, մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած էր արդէն, եւ դարձեալ վերահաստատուեցաւ իբրեւ սոսկ տխուր ամսանուն մը:
Եթէ Ապրիլ ամսուան ծաղկման հետ պիտի չթարմանայ կամ չվերանորոգուի ազգ մը, հապա ե՞րբ պիտի ապրի, կամ ինչո՞ւ պիտի գոյատեւէ այս աշխարհին մէջ: Ցեղասպանուած, ջարդուած, լլկուած ու լքուած ժողովուրդի մը զաւակները ըլլալով, անպայման այս հարցումը պիտի տանք նախ մենք մեզի, ապա մեզ շրջապատող «արդար» աշխարհին:
Հերոսական անցեալի դրամագլուխով յոխորտալու ժամանակը շատոնց սպառած է եւ փողոցի կեղտոտ մայթերուն վրայ փերեզակներուն առջեւ փռուած՝ վաճառքի համար: Ինքնագիտակցութեան գալու ժամն ալ շատ սահմանափակուած է, որովհետեւ գոյապահպանման վտանգին առջեւ կը գտնուին «ազգ», «հայրենիք», «մշակոյթ», «լեզու», «եկեղեցի» եւ այլ նուիրական բայց լօզունգացեալ հռետորաբանութիւնները մեր ինքնութեան, որոնց ո՛չ իմաստին, ո՛չ ալ արարող ոգիին հաղորդ ենք այլեւս, մեծով ու փոքրով: Մեր անձնական շահը, մեր սնափառութիւնը, ազգը սին յոյսերու թելերով հիւսուած խանձարուրի մէջ փաթթած օրօրելու մեր խաբէական արարքները, ուրիշէն աւելի լաւ ըլլալու մեր սուտ խոստումները եւ մնացեալ բոլոր շահադիտական մեր մօտեցումները բացայայտ ապացոյցներ են մեր՝ զանոնք իրականացնողներուս սնանկ մտածողութեան:
Դեռ չենք դադրած ցեղախումբ ըլլալէ, եւ ի զուր կը հպարտանանք «ազգ» կամ «ժողովուրդ» կոչելով մենք զմեզ, ինքնասիրութեան գերազանց զգացումներով: Մեր բոլոր ազգասիրական ու հայրենասիրական արարքները, ղեկավար բարձրագոյն տարրէն սկսեալ մինչեւ ամենախոնարհ կազմակերպութեան վարչական պատասխանատուները, նախկին ցեղապետներէն մէկուն կամ միւսին վարուեցողութեան հարազատ կրկնօրինակումն են, նոր ժամանակներու պայմաններուն համապատասխան չափանիշերով:
Դեռ չսորվեցանք քաղաքակիրթ ազգերու նման առողջ քննադատութեամբ յառաջդիմել, այլ իրար կործանելով կը փորձենք կառուցել մեր ապագայի սեփական դիրքը, ո՛չ թէ թշնամիին վրայ քալելու յաղթական երթով, այլ մեր հարազատներուն դիակները աստիճանի վերածած վեր բարձրանալով հերոսանալու ինքնախաբէական հեռանկարով:
Ապրիլ ամիսն էր, երբ իր հայրենիքէն բռնի տեղահանուած մեր ժողովուրդը Տէր Զօրի մէջ կոտորուեցաւ, մոխրանալով ու միախառնուելով անապատի աւազահատիկներուն: Նոյն Ապրիլ ամիսն էր, երբ երեսուն տարիներու վիպականացուած մեր յաղթանակը յանկարծ ռումբերու փոշիի մառախուղին մէջ կորսուեցաւ, թշնամիի ամբարտաւան ոտնահարութեամբ մեր պատիւին եւ մեր նահատակներու նուիրական շիրիմներուն:
Բազմիցս ցեղասպանուած մեր ազգին համար առաւել քան անպատուութիւն է այսօր, նոյն՝ Ցեղասպանութիւն բառին աժան արձագանգը լսել քաղաքակիրթ Եւրոպայէն ու իր մարդկային իրաւանց պաշտպանի կեղծ հանգամանքով հպարտ արեւմուտքէն, երբ դեռ մեր նահատակներուն արիւնը չէ՛ լերդացած իրենց հարազատ գիւղերու դաշտերուն եւ ցանկապատուած այգիներու հնձաններուն մէջ:
107 տարիներ եւ մինչեւ այս վայրկեանը, Ցեղասպանութիւն բառը 1915 թուականին արեւու լոյսին տակ կոտորուած մեր անմեղ ազգին համար իրենց շրթներէն նոյնիսկ դժկամակութեամբ չարտաբերած «քաղաքակիրթ» ու մարդկային իրաւանց «պաշտպան» երկիրները, հիմա այնքան հեշտութեամբ կ՛արտասանեն զայն, երբ դեղին մազով ու կապտաչու ազգ մը պատերազմի ճիրաններուն մէջ յայտնուած է ու առանց մտրակուելու եւ եաթաղանուելու, գաղթականութեան ցուպը ձեռք առած:
Անձնապէս միջին տարիքի սահմանը հազիւ անցած, նոր կ՛իմանանք, որ աշխարհի մէջ թանկարժէք եւ աժան մարդկային արիւն գոյութիւն ունի…: Աշխարհի այսքան անբարոյ «արդարութեան» իրազեկ, դեռ չենք հրաժարիր համբուրել եւ լիզել ոճրագործներու հովանաւոր պետութիւններու մրոտ աջերը, որոնց միջոցաւ ստորագրուած մէկ էջնոց թուղթը, ըստ ոմանց, կրնայ իսկական արդարութիւնը վերականգնել ի նպաստ մեր ժողովուրդին: Նոյն երկիրներու նոր ղեկավարները չե՞ն, որոնք այնքան շուտիկութեամբ «պատերազմական ոճրագործ»ի յորջորջում կու տան յարձակողապաշտին: Ինչո՞ւ նման «պատուական կոչում» մը չի շնորհուիր 107 տարիներ առաջ ամբողջ ազգ մը սուրի բերնէն անցուցած ղեկավարներու յամառ յաջորդներուն, որոնք տակաւին չեն հրաժարիր իրենց նախնիներուն գործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նողկալի կեցուածքէն: Բայց… առաջին յանցապարտը մենք ենք, հաւաքաբար, որ մեր նահատակներու կտակին անհաւատարիմ, տակաւին կը շարունակենք կոյր աշխարհէն յուսալ մեր սեփական փրկութիւնը: Ժամանակը ապացուցեց, միեւնոյն անունը կրող Ապրիլ ամսուն, որ մեր ազգին բաժին ինկած Ցեղասպանութիւնը այլ տարողութեամբ կրնար կրկնուիլ, եւ կրկնուեցաւ նոյն վայրագ միջոցներով՝ սուրով ու զէնքով, բռնաբարութիւններով ու լլկանքներով, սոված ու ծարաւ պահելով, ականջներ կտրելու կտտանքներով ու գազանային հաշուեյարդարի այլ իմն արիւնարբուքով, իրենց պատմական գիւղերու եւ քաղաքներու խաղաղ պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին դէմ:
Ցեղասպանութիւններու կրկնողութեան դէմ կեղծ պայքար մղող համայն աշխարհը իր արեւելքով ու մանաւանդ արեւմուտքով, պետական կառոյցներով, խորհրդարանական «արդարախօս» բեմերով ու «մարդկային իրաւանց» աչքափոշի ցանող միջազգային կազմակերպութիւններով, երկրորդ յանցապարտն է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն սկսեալ մէկ դար կոյր, խուլ ու համր ձեւացուց, եւ բաց աչօք, իր կուրութեան համար երդուեց: Նոյն յանցապարտ աշխարհը, սուր լսողութիւն ունենալով հանդերձ, խո՛ւլ յայտարարեց ինքզինք եւ ծիծաղելի համրութեամբ, կամաւորաբար պապանձեցուց իր լեզուն: Նոյն այդ լեզուն էր, որ անօրինակ շաղակրատելու սկսաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք եւ կը շարունակէ մինչեւ այսօր, Ողջակիզման դատը տարբեր պարեղանակներու վրայ երգելով ու պարելով:
107 տարիներու պատմական անցեալն ու ընդամէնը երկու տարիներու հեռաւորութեամբ մեր մորթին վրայ զգացուած ցաւը, միեւնոյն ազդեցութիւնը ունին, որովհետեւ այս սին ու շահամոլ աշխարհին մէջ մարդկային արժանապատւութիւնը կը բռնաբարուի բոլորին աչքերուն առջեւ: Այսօր հայը, վաղը արաբը, միւս օր ուքրանացին, եւ ապագային դեռ շատ ուրիշ ազգեր, դառնութեան նոյն բաժակէն հերթաբար պիտի ըմպեն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ անբարոյ աշխարհը իր սեփական շահը աւելի կը գերադասէ, ռազմական դաշինքներու հաւատարմութեամբ, բնական հարստութեանց շուրջ նիւթուած դաւերով, հեռո՜ւ աստուածատիպ արդարութեամբ մարդկութեան կեանքը կառավարելու հաւաքական բարենպաստ կոչումէն: Փոքր ազգեր եւ ժողովուրդներ ընդերկա՜ր խաղալիք պիտի դառնան հիւլէական կործանիչ հնարաւորութիւններով սնապարծ պետութիւններու մատներուն մէջ, ի մասնաւորի այն պատճառով, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ անցեալ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կիրարկած ոճրագործ պետութիւնը:
Ներկայի մահասարսուռ պատերազմները, նոր ու արդիական միջոցներով տեղի ունեցող գաղթականութիւնները, տարագիրներուն ընծայուող հեզահամբոյր դիմաւորութիւններն ու յարձակողապաշտին դէմ բացայայտ պատժամիջոցներ սահմանելու կանացի ճչոցով կատարուող յայտարարութիւնները չե՛ն կրնար տպաւորել մեզ: Հայ մարդուն սիրտը չէ՛ զովացած յամեցած, բայց դեռ յանցապարտ աշխարհէն սպասուող արդարութեամբ:
Ապրիլ ամիսը ապրելու կոչ է համայն աշխարհին: Սակայն սոյն կոչը բարձրաղաղակ լսելի կը դառնայ այն ատեն միայն, երբ պատերազմի դաշտին վրայ սովորական սաւանով խաղաղութեան դրօշ չեն պարզեր հակառակորդներ: Վերոնշեալ կոչը մանաւանդ ընդունելի կը դառնայ այն ատեն, երբ 107 տարիներ առաջ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներուն յետնորդները, նոյնքան յանցապարտ աշխարհին կողմէ հաշուետուութեան կը կանչուին: Վերջապէս սոյն կոչը արդարութեան կոչ կը հանդիսանայ այն ատեն միայն, երբ հայ ժողովուրդին կը վերադարձուին անոր բռնաբարուած հին ու նոր բոլոր իրաւունքները, մանաւանդ իր պապենական հողին վրայ ազատ ապրելու եւ արարելու իրաւունքը:
Մեր ազգի ներկայ ցաւալի դրութեան համար յանցաւորներ փնտռելով ժամավաճառ չըլլանք: Յանցապարտներէն երկուքը մենք գտեր ենք արդէն: Առաջինը մե՛նք ենք հաւաքաբար, անխտիր բոլո՛րս, եւ երկրորդը՝ շահամոլ աշխարհը, ուր այնքան հանգիստ խիղճով կրնան թացը չորին հետ այրել, սեւին սպիտակ ըսել, ոճրագործը սրբադասել եւ յանցապարտը արդարացնել:
Վա՜յ մեզի եւ վա՛յ անիրաւ աշխարհին…: