
«Աշխարհի Ցաւով, Հիւանդ Է Հոգիս»
Մ. Իշխան
ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Պատմութիւնը անկրկնելի չէ։
Պատմութիւնը կը կրկնուի։
Տակաւին կը կրկնուի…
Հայ ազգը, հայ ժողովուրդը ապրած է պատմութեան արհաւիրքը՝ 1915ի Ցեղասպանութիւնը. եւ խմած կեանքի դառն բաժակը՝ ցմրուր։
Ցեղասպանը չէ փոխած իր կայսերապաշտ, ծառայապաշտ ախորժակը՝ բնաւարութիւնը, եւ կը շարունակէ իր ստորին «առաքելութիւն»ը՝ սպանդը, տեղահանութիւնը, որ ոչ մէկ ձեւով մեծ պետութիւննեերու դոյզն մտահոգութիւնը դարձած է, ո՛չ անցեալին, ո՛չ ներկայիս։
Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։
Եւ, ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս, մեծ պետութիւնները խուլ ու համր են եւ ղեկավարները Պիղատոսի նման, ձեռքերնին լուալէ չեն դադրած։
Ինչպէ՞ս կարելի է հաշտուիլ մարդկութեան անխղճութեան հետ, ինչպէ՞ս…
Ինչպէ՞ս լուռ մնալ, այս օրերուն կրկնուող պաշտօնական ցեղասպանութեան դէմ յանդիման, զոր կ՛անուանեն պատերազմ։
Ինչպէ՞ս չ՛ընդվզիլ եւ համոզուիլ, որ աշխարհի «քաղաքակիրթ» ղեկավարութիւնը հասած է իր բարձրագոյն աստիճանին՝ ազգերը, ժողովուրդները յարգելու եւ սիրելու իր «վեհութեան»։
Ինչպէ՞ս չբողոքել, ինչպէ՞ս …
Եւ ինչպէ՞ս չձայնակցիմ, սիրելի՛ ուսուցիչիս՝ Մ. Իշխանի, խոհեմ եւ իմաստուն խօսքին՝ «Աշխարհի ցաւով, հիւանդ է հոգիս»։
9 Ապրիլ 2022