
ՓԼԵՍԶԸՆԹԸՆ, Քալիֆորնիա․- Շաբաթ, 23 Ապրիլին, 14ամեայ մարմնամարզիկ Լիանա Երեսեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու մարմնամարզութեան Ա․ շրջանի մրցաշարքին, որ կը կազմակերպուի Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Նեւատայի եւ Եութայի հարիւրաւոր մարզիկներուն համար, որոնք հոն կը հասնին նահանգային զտումի մրցումներէ ետք։
Երեսեան արծաթ մետալ մը շահեցաւ անհաւասար ձողերու մարզաձեւին մէջ, ապահովելով 9.675 կէտ։ Ան յատկանշական արդիւնքներ արձանագրեց նաեւ այլ մարզաձեւերու մէջ եւ պիտի հանդիսանայ շրջանը Արեւմտեան Ամերիկայի մրցումներուն ներկայացնող 6 մարմնամարզիկներէն մէկը։
Նշենք, որ Լիանան կը գործակցի Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացուցած Հուրի Կեպեշեանի հետ, որպէսզի կարենայ Հայաստանը ներկայացնել 2023ի Եւրոպայի Երիտասարդական Ողիմպիականներուն։