
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն 25 Ապրիլին նամակներ յղեց Քալիֆորնիոյ հանրային մարզի պաշտօնեաներու թոշակներու հիմնադրամին (CalPERS) եւ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամին (Cal-STRS)՝ դրուատելով Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու անոնց ջանքերը։
Յիշեցնենք, որ Հոլտըն նահանգային խորհրդարանին ներկայացուցած էր «Թուրքիոյ մէջ նեդրումները կասեցնել» խորագիրով թիւ 1019 բանաձեւը, յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալ շարունակող Անգարայի վրայ։ Ան նաեւ անցեալ տարի խորհրդարանին ներկայացուցած էր Հայաստանի Սիւնիքի մարզին եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւններ հաստատելու մասին թիւ 105 բանաձեւը, որ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սիւնիքին եւ կը խոստանայ քաջալերել եւ դիւրացնել կրթական, տնտեսական եւ մշակութային միացեալ ծրագիրները: