
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Երեքշաբթի երեկոյեան «իֆթար»ի սեղանի շուրջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները եւ աշխարհական վարիչները, որոնց շարքին էին՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Թրքահայ հիմնարկութիւններու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան փոխատենապետ Հերման Պալեան։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ ներկայ էին վիճակաւոր Լեւոն արք. Զեքիեան եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխատենապետ Անթուան Սուլթանօղլու։
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Պատրիարքը նստած էր Էրտողանի կողքը եւ երեկոյթի տեւողութեան անոնց միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։
Ընթրիքի աւարտին, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները բարեմաղթանքներ յղեցին նախագահին, որուն պաշտօնական կայքէջին վրայ հիւրընկալութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ։
Պատրիարքը շուրջ երկու ժամ հիւրընկալուեցաւ նաեւ նախարար Սոյլուի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ երկար ատենէ ի վեր ձգձգուող փոքրամասնական հիմնարկութիւններու նոր ընտրական կանոնադրութիւնը կը մշակուի նախարարութեան վերահսկողութեան ներքեւ, պատրիարքը Սոյլուէն խնդրեց համապատասխան աշխատանքները կարելի եղածին չափ աշխուժացնել։ Իր կարգին, նախարարը յայտնեց, որ կանոնադրութեան մշակումը վերջին փուլին հասած է եւ քննարկում ծաւալեցաւ առկախեալ ընտրութիւններու հրատապ հարցին շուրջ։
Սոյլու յայտնեց, որ կանոնադրութեան պաշտօնապէս հրապարակումէն առաջ, պատրիարքը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու անոր բովանդակութեան։
Չորեքշաբթի օր, պատրիարքը տեղեկացուց, որ շատ դրական տպաւորութիւններ ունի Անգարայի շփումներէն։ «Նոր նախատեսուած տնօրինութիւններուն մէջ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներուն վերաբերեալ ծրագրուածները դրական են։ Ընտրաշրջաններու սահմանումներու վերաբերեալ հարցերուն համար ալ, ըստ երեւոյթին, տակաւին աշխատելու տեղ ունինք եւ այդ աշխատանքին շնորհիւ իւրաքանչիւր համայնք պիտի կարենայ իր առանձնայատկութիւններուն եւ սեփական կարիքներուն համեմատ լուծումներ գտնել», ըսաւ պատրիարքը։
