
Ընդառաջելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի փափաքին, թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, բազմավաստակ նուիրեալ բարերար եւ ազգային մարդ տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ի յիշատակ իր հանգուցեալ բարեսէր ազնիւ տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, համաձայն գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ Դպրեվանքին համար Անթիլիասի մէջ հաստատել «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ՝ 250 հազար տոլարով:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը երախտագիտութեամբ գնահատեց Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ զաւակները՝ Արին ու Սարոն, որոնք եւս ակնթարթի արագութեամբ համաձայն գտնուեցան իրենց հօր համաձայնութեան եւ բոլորը միասին որոշեցին անմահացնել իրենց կնոջ եւ մօր՝ Սաթիկի, յիշատակը, նաեւ Հայրապետական Աթոռին մէջ:
Իր կարգինԱրամ Ա. կաթողիկոսը, հայրական գնահատանքով ողջունեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի հաւատարիմ սէրը Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին եւ անսակարկ նուիրուածութիւնը Արեւմտեան թեմին, միաժամանակ աղօթելով Սաթիկի բարի հոգւոյն խաղաղութեան ի հանգիստ:
Նոյն յետայն, առ ի գնահատանք մեր ազգին մէջ Մհերի զանազան մակարդակներու վրայ բարերար ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ զաւակները հրաւիրեց Անթիլիաս, Լիբանան՝ իբրեւ կնքահայր 1 Յուլիս 2022ին տեղի ունենալիք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան:
Յայտնենք, որ անցեալ տարի, Սաթիկի տխուր եւ անժամանակ մահուան առիթով, Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ անմիջապէս հաստատած էր «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամը, շուրջ 110 հազար տոլարով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ