ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան 28 Ապրիլին ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տնտեսական հարցերու եւ ելեւմուտքի նախարար Սէյիտ Էհսան Խանտուզիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ տնտեսութեան ոլորտին մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով:
Վահան Քերոբեան նշեց, թէ, հակառակ անոր որ 2021ին Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնը Իրանի հետ 25 տոկոսով աճած է, սակայն կայ մեծ ներուժ երկկողմանի համագործակցութիւնը առաւել ընդլայնելու եւ այդ ցուցանիշը 1 միլիառ տոլարի հասցնելու համար: Ան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտի առաջնահերթ ուղղութիւնները եւ պետական աջակցութեան գործիքակազմերը:
Սէյիտ Էհսան Խանտուզի եւս նշեց, որ Իրանի նոր կառավարութեան քաղաքականութիւնը կ՛ընդգծէ դրացի պետութիւններու, յատկապէս հարեւան եւ բարեկամ երկիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը: Ըստ անոր՝ իրանեան կողմը խիստ կարեւոր կը նկատէ ոչ միայն Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, այլ նաեւ Հայաստանը կը դիտարկէ իբրեւ «դարպաս» դէպի Ռուսիոյ եւ ԵԱՏՄի այլ անդամ երկիրներու շուկաներ հասնելու:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միացեալ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման, իրանական կողմին մասնակցութեամբ արդիւնաբերական աւանի կառուցման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, բեռնափոխադրութեան գործընթացին մէջ ընթացակարգերու պարզեցման ու կանոնակարգման, ինչպէս նաեւ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու վճարումներու վերանայման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առաւել հեռանկարային ուղղութիւններուն եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու: