ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագրող».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանը:
Նախագահը բարձր գնահատեց հայոց եկեղեցւոյ դերը՝ յատկապէս ազգի ինքնութեան պահպանման մէջ: «Ձեր գործը մեծ նշանակութիւն ունի մեր ժողովրդի համար: Այն պատմականօրէն միշտ մէկ նպատակ է հետապնդել՝ մեր տեսակը պահել, մեր ժողովրդին օգնել դժուարութիւններից դուրս գալ», յայտնեց Խաչատուրեան:
Կաթողիկոս-պատրիարքը, համակարծիք ըլլալով նախագահին հետ՝ նշեց, որ միայն միացեալ ջանքերով եւ զիրար օգնելով կարելի կ՛ըլլայ յառաջ ուղղուիլ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական հարցերու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ մեր եկեղեցւոյ դերին եւ կարեւորութեան: